Տիկի՛ն նախարարուհի,
Շատ ուշ լսեցինք, որ ժողով մը կը կազմակերպէք Յունիս 22ին, Մարսիլիոյ մէջ:
Կը հաւատանք, որ CCAF-ի անդամ ընկերակցութիւններու ալ համաձայնութեամբ՝ կանոնաւոր ժողովները կրնան իրենց նպաստը ունենալ մեր գործունէութեանց համակարգումի գործին մէջ:
Սակայն կը ցաւինք, որ այս ձեռնարկը կազմակերպուած է առանց համաձայնութեան, ինչ որ կը յառաջացնէ իրաւասութեան հարցեր:
Բոլորս բախտն ունինք Ֆրանսայի մէջ CCAF-ի նման կառոյց մը ունենալու, որ կը համակարգէ ընկերակցութիւնները, հակառակ իրենց տարբերութիւններուն: Հայկական աշխարհին մէջ այս եզակի գրաւը յաջողեցանք, որովհետեւ գիտցանք յարգել բոլորն ալ:
Նախնական համաձայնութիւնը անշրջանցելի պայմանն է մեր յառաջիկայ գործակցութեան:
Հետեւաբար, կը հասկնաք, որ պիտի չկարենանք մասնակցիլ նշեալ ժողովին:
Տիկի՛ն նախարարուհի, ընդունեցէք մեր յարգանքին հաւաստիքը:
Արայ Թորանեան
եւ Մուրատ Փափազեան
CCAF-ի համանախագահներ