
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Տարիներու ընկալեալ աւանդութեան համաձայն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման տարեդարձը կը նշուի բոլոր թեմերուն մէջ։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Հայրապետական Մաղթանքը պիտի կատարուի Կիրակի, 23 Յունիս 2013ին։
Սրբազանը Կիրակի օր պիտի ըլլայ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ, պիտի հանդիսապետէ Ս. պատարագին ու Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան։
Ժողովուրդի զաւակները հրաւիրուած են խուռներամ ուղղուելու եկեղեցիները եւ աղօթք բարձրացնելու Կիլիկեան Ս. Աթոռի անսասանութեան եւ անոր ազգընտիր վեհափառ հօր քաջառողջութեան ու արեւշատութեան համար։
–(Լուսանկար՝ Արսինէ Խաչիկեանի)