
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի մէջ նկարահանուած «Lost and Found in Armenia» երկլեզու շարժապատկերը, որ Յունիս 7էն ի վեր կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, կրցած է մեծ հետքրքրութիւն ստեղծել յատկապէս Կլենտէյլի «Ըմերիքանա»ի «Փըսիֆիք» շարժապատկերի սրահին մէջ, ուր յաճախ կարելի չէ եղած զայն դիտելու համար տոմսեր գտնել:
Ըստ «Պաքս Աֆիս Մոճօ» կայքի տեղեկութեանց՝ մինչեւ Յունիս 17 ֆիլմը ապահոված է 86,860 տոլար եկամուտ: Անիկա առաջին շաբթուան ընթացքին (Յունիս 7էն 13) ցուցադրուած է 9 սրահներու մէջ, իսկ Յունիս 14էն սկսեալ՝ երկու: Ամենամեծ եկամուտը արձանագրուած է Յունիս 7ին՝ 17,162 տոլար:
Ճէյմի Քենետի եւ Էնճըլա Սարաֆեան գլխաւոր դերերը սատանձնած են ֆիլմին մէջ, հայրենի յայտնի դերասաններ՝ Հրանդ Թոխատեանի եւ Միքայէլ Պօղոսեանի կողքին:
100 վայրկեաննոց ֆիլմը շուկայ հանուած է «Naedomi Media»ի կողմէ եւ առաջին շաբթուան ընթացքին ցուցադրուած է Պեվըրլի Հիլզի (Laemmle Music Hall), Էնսինոյի (Laemmle Town Center), Պըրպենքի (AMC Burbank Town Center 8), Կլենտէյլի (Americana Pacific Theatres), Ֆրեզնոյի (Sierra Vista 16), Պոսթընի (AMC Methuen), Տիթրոյիթի (AMC Forum), Նիւ Ճըրզիի (AMC Hamilton 24) եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի (AMC Rio) մէջ ու կը շարունակէ հմայել հանդիսատեսները:
«Lost and Found in Armenia»ն առաջին արտադրութիւնն է «Red Tie Films»ի, որ շարժապատկեր արտադրող անկախ ընկերութիւն մըն է, հաստատուած Լոս Անճելըսի մէջ:
Ֆիլմին բեմադրիչն է մրցանակներու տիրացած Գոռ Կիրակոսեան, որուն բեմադրած ֆիլմերէն է «Big Story in a Small City»ն: Ֆիլմը նաեւ ամերիկահայկական համագործակցութեամբ Հայաստանի մէջ նկարահանուած առաջին կատակերգութիւնն է:
«Lost and Found in Armenia»ն պատմութիւնն է ամերիկացի զբօսաշրջիկ Պիլին (Ճէյմի Քենետի), որ վտանգաւոր եւ միաժամանակ ծիծաղելի պայմաններու տակ անգիտակցաբար կը հասնի Հայաստանի սահմանային փոքր գիւղերէն մէկը, որու բնակիչները կը կասկածին, որ ան Թուրքիոյ ի նպաստ լրտեսութիւն կատարող գործակալ մըն է: Այս գիւղին մէջ է, որ Պիլ կը հանդիպի գեղեցիկ հայուհիի մը (Էնճըլա Սարաֆեան), որ կը փորձէ զինք փրկել այս դժուար կացութենէն:
Ճէյմի Քենետի ծանօթ է «Scream», «Scream 2» եւ «Scream 3» ֆիլմերուն մէջ իր ստանձնած դերերով. ան նաեւ գրած եւ արտադրած է «Malibu՛s Most Wanted» ֆիլմը, որուն գլխաւոր դերն ալ ստանձնած է: Ան մտայղացած է եւ գլխաւոր դերը ստանձած պատկերասփիւռի «WB» ընկերութեան «The Jamie Kennedy Experiment» յայտագիրը:
Իր կարգին, Էնճըլա Սարաֆեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկն է «The Twilight Saga: Breaking Dawn» շարժապատկերի առաջին եւ երկրորդ բաժիններուն: Ան դերեր ստանձնած է նաեւ «A Beautiful Life», «The Informers and Kableuy»: Ներկայիս ան «Ֆաքս» պատկերասփիւռի կայանին «The Good Guys» կատակերգութեան գլխաւոր դերասաններէն մէկն է:
«Lost and Found in Armenia»ն արտադրուած է մրցանամամակիր արտադրող Վելըրի ՄըքՔեֆրիի կողմէ («American History X», «Neo Ned»), համագործակութեամբ Մարալ Ճերէճեանի («Sideways»): Ֆիլմէն հատուածներ նկարահանուած են նաեւ Սան Տիէկոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:
«Red Tie Films»ը կը հանդիսանայ ամերիկեան առաջին շարժապատկերի ընկերութիւնը, որ Հայաստանի մէջ նկարահանումներ կատարած է: Ֆիլմին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել համացանցային
www.lostandfoundinarmenia.net
կայքը: