
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Հայաստանի Զինուած ուժերի Նոյեմբերեանի զօրամասում ժամկէտային զինծառայողներ Լիւքս Ստեփանեանի սպանութեան եւ Հրաչեայ Սարգսեանին ծանր մարմնական վնասուածք հասցնելու միջադէպի առնչութեամբ զինուորական 6 պաշտօնեաներ ազատուել են աշխատանքից, քննարկւում է այդ օրը պահակային ծառայութեան մէջ գտնուած մարտկոցի հրամանատարին քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Արծրուն Յովհաննիսեանի համաձայն, ծառայողական քննութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ պահակութիւն կատարող զինուորներուն հսկող սպան՝ տուեալ մարտկոցի հրամանատարը, դէպքին ատեն պահակատան մէջ չըլլայ: Թէ ուր եղած է ան՝ պաշտօնապէս չի հաղորդուիր: «Իր գործն արդէն առանձին քրէականով կը գնայ: Պահակային եւ կայազօրային ծառայութեան կանոնագիրքը, ունենալով օրէնքի ուժ, ենթադրում է, որ պահակային ծառայութեան թերացման ժամանակ պատասխանատու անձը կարող է ենթարկուել նաեւ քրէական պատասխանատուութեան, եթէ դա հիմնաւորուի», նշած է ան։
«Տուեալ գնդի հրամանատարի տեղակալները երկու, շտաբի պետը գնդի, անձնակազմի հետ տարուող աշխատանքների գծով տեղակալը ազատուել են պաշտօնից, պաշտօնից ազատուել են նաեւ տուեալ ստորաբաժանման, այսինքն՝ դիվիզիոնի հրամանատարը, հրամանատարի տեղակալները», դիտել տուած է Յովհաննիսեան:
Բացի պահակակէտը հսկող սպայէն, պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարիք չի տեսներ պաշտօնանկ եղած միւս զինուորականները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու։ «Քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարց այս պահին ծառայողական քննութիւնը չի գտել, որովհետեւ քրէական պատասխանատուութեան են ենթարկւում այն մարդիկ, ովքեր կոնկրէտ յանցագործութիւն կատարում կամ անգործութիւն են թոյլատրում յանցագործութեան կատարման համար: Իսկ այս դէպքում մարդիկ տեղում չեն եղել, մարդիկ անմիջապէս ներգործութիւն չեն ունեցել յանցագործութեան վրայ», նշած է Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Նշենք, որ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած զինուորը՝ Հրաչեայ Սարգսեանը, վերագտած է իր գիտակցութիւնը, սակայն անոր մարմինի ձախ կողմը զգայազուրկ է։