ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Կը շարունակուի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւններու նորոգութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային հաստատութիւններու ջեռուցման ապահովման ու վերանորոգման՝ Երեւանի քաղաքապետարանի 2013 թուականի ծրագիրով նախատեսուած աշխատանքները:
Ընթացիկ աշխատանքներուն գծով Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի շինարարութեան եւ բարեկարգման վարչութեան ծրագրաւորման եւ նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու վերաբերող աշխատանքներու բաժնի պետ Էդուարդ Շաքարեան յայտնած է, որ այս տարուան ծրագիրով 28 մանկապարտէզներու մէջ պիտի ընթանան հիմնական նորոգութեան աշխատանքներ:
Մայրաքաղաքի 16 գրադարան ապահովուած է ջեռուցման համակարգերով: Աշխատանքներու աւարտէն ետք գրադարաններու ջեռուցման ծրագիրը պիտի ամբողջանայ, եւ ձմրան ընդառաջ մայրաքաղաքին մէջ ջեռուցում չունեցող գրադարան գոյութիւն պիտի չունենայ։ 4 ստեղծագործական կեդրոն ու երաժշտական դպրոց եւս 2013ի ծրագիրով պիտի օժտուին ջեռուցումով:
Պիտի նորոգուին եւ ջեռուցման համակարգով օժտուին նաեւ Նոր Նորք վարչական շրջանի մշակոյթի ու«Հայարտ» մշակութային կեդրոնները: Մշակութային օճախներու ջեռուցման ծրագիրի ծիրին մէջ ամբողջութեամբ պիտի ջեռուցուի նաեւ «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանն ու Կարէն Դէմիրճեանի անուան թանգարանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.