
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն շնորհաւորած է Հայաստանը՝ մարդու օգտագործման դէմ պայքարին մէջ արձանագրած յառաջդիմութեան եւ բարելաւման համար:
Ըստ դեսպանին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին 19 Յունիսին յայտարարած է, որ Հայաստանը բարելաւած է իր կարգավիճակը եւ պիտի ներառուի ցանկին մէջ այն երկիրներուն, որոնք ունին առաւելագոյն ցուցանիշներ: Այս կը նշանակէ, որ ներկայիս Հայաստան մարդու օգտագործման դէմ պայքարող լաւագոյն երկիրներու կարգին է։
Դեսպանին համաձայն, մարդու օգտագործման կանխարգելումը, զոհերու բացայայտումն ու մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելը այս ծիրին մէջ եղած են Միացեալ Նահանգներու հիմնական նպատակները:
Հեֆըրն յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին տրամադրած է աւելի քան 2 միլիոն տոլար՝ մարդու օգտագործման դէմ պայքարելու համար: Ան նշած է, որ դեսպանատունը կ՛աշխատի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ լրագրողներու հետ՝ ընդգծելով նաեւ այս իմաստով ԵԱՀԿի օգնութիւնը:
«Հայաստանը մարդու օգտագործման դէմ պայքարող լաւագոյն երկիրներու կարգին դասելը չի նշանակեր, որ այստեղ մարդու օգտագործում չկայ: Հակառակը, ասիկա ցոյց կու տայ, որ կառավարութիւնը կը գիտակցի այս խնդիրի առկայութեան եւ ատոր համապատասխան լուծումներու կը ձեռնարկէ», եզրափակած է դիւանագէտը: