ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թարաֆ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, անցեալ շաբաթ կայացած կառավարութեան նիստին ընթացքին փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենտ Արընչի ու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ ծաւալած վէճը զսպելու համար միջամտած է՝ կարենալելով Արընչը համոզել, որ իր պաշտօնէն չհրաժարի:
Վէճը ծագած է, երբ Էրտողան Արընչին ըսած է, որ «Կեզի» այգիին վերաբերեալ անոր կատարած չափաւորական յայտարարութիւնները անտեղի եւ սխալ էին, որմէ ետք Արընչ հեռացած է ժողովէն՝ յայտնելով, որ իր պաշտօնէն ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն պիտի հրաժարի: Երբ այլ նախարարներ չեն յաջողած Արընչը ժողով վերադարձնել, Կիւլ միջամտած է:
Յիշեցնենք, որ Արընչ ոստիկանութեան կողմէ ցուցարարներուն դէմ անհամաչափ ուժի կիրարկման համար ներում հայցած էր, մինչ Էրտողան ամէն առիթով կը պաշտպանէր ոստիկանութեան բռնարարքները:
«Թարաֆ» թերթին կողմէ Յունիս 20ին կատարուած այս հրապարակումէն ետք, փոխվարչապետ Արընչ յայտարարեց, որ ճշմարտութեան չի համապատասխաներ այն պնդումը, թէ ինք հրաժարած է իր պաշտօնէն։ «Ցաւով պէտք է ըսեմ, որ այս լուրը բարի կամեցողութեան արդիւնք չէ: Անոր նպատակն է պառակտում ստեղծել հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ իմ միջեւ», ըսաւ Արընչ։
Միւս կողմէ, «Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ Իզմիրի մէջ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը Հինգշաբթի օր դարձեալ 14 անձեր ձերբակալած է՝ «հանրային շէնքերու, առեւտրական կեդրոններու ու քաղաքային ինքնաշարժներու քանդումի եւ Իզմիրի մէջ ցոյցերուն ընթացքին ժողովուրդը գրգռելով լարուածութիւն ստեղծելու յանցանքներով»:
Նաեւ, 92 ուրիշներ, որոնք Պոլսոյ մէջ երեքշաբաթեայ ցոյցերուն իրենց մասնակցութեան համար ձերբակալուած էին, Չորեքշաբթի գիշեր ազատ արձակուեցան:
«Զաման» նաեւ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Էրտողանի խորհրդական Եալչըն Աքտողանի հետ՝ ըսելով, թէ ինք թուրք նախարարներու եւ ընդդիմութեան հետ մնայուն կապի մէջ է, եւ աւելցնելով, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ «բարեկամ ու դաշնակից» երկիր մը մնալ, թէ՛ լարուածութեան եւ թէ խաղաղութեան օրերուն:
Դեսպանը խօսած է նաեւ խօսքի եւ հաւաքի ազատութեանց կարեւորութեան մասին՝ աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակազմը «թրքական ժողովրդավարութեան նկատմամբ վստահութիւն ունի»:
Ըստ «Զաման»ի՝ Աքտողանի եւ Ռիքարտոնէի միջեւ քննարկուած այլ նիւթ մը կրնայ Էրտողանի Կազա այցելութեան խնդրայարոյց ծրագիրը եղած ըլլալ:
Էրտողան այս շաբթուան սկիզբը այդ կապակցութեամբ հանդիպում մը ունեցած էր պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մեշաալի եւ Կազայի մէջ «Համաս»ի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.