ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» օրաթերթը Յունիս 20ին կը հաղորդէ, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն երկու երրորդը լքած է Թուրքիոյ տարածքը եւ անցած Հիւսիսային Իրաք:
Իրաքի տարածք անցնելու համար Տիգրանակերտի նահանգ հասած է զինեալներու վերջին խումբը, որ յաջորդ ամսուան ընթացքին պիտի հեռանայ Թուրքիայէն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական զինեալները սկսած էին Թուրքիոյ տարածքը լքելու՝ կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտալլահ Օճալանի կոչէն ետք, որուն մէջ ան զինեալ պայքարը դադրեցնելու եւ հարցերը բանակցութեան ճամբով լուծելու մասին արտայայտուած էր:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին ծանր ազդարարութիւններ ուղղած է կառավարութեան հասցէին՝ յիշեցնելով քանի մը օր առաջ Տիարպեքիրի մէջ կազմակերպուած քրտական երկօրեայ համագումարը: «Հիւսիսային Քիւրտիստան՝ միութիւն եւ լուծում» նիւթով համագումարի եզրափակիչ յայտարարագիրին մէջ յաճախակի կերպով գործածուած էր Հիւսիսային Քիւրտիստան անունը եւ պահանջուած էր, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը այլեւս ահաբեկչական կազմակերպութիւն չնկատուի ու Օճալանը ազատ արձակուի։ Այս համագումարը մամուլին մէջ այնքան ալ լայն արձագանգ չգտաւ, որովհետեւ այդ օրերուն աւելի ծանր կշռեցին Թաքսիմի ցոյցերը։ Պահչելին ըսաւ, որ ժողովուրդը պէտք է անտեսէ քրտական պահանջատիրութեան դէմ կառավարութեան որդեգրած «մութ ու անհասկնալի» կեցուածքը՝ պնդելով, որ վարչապետ Էրտողան այս խնդիրի ներքին ծալքերը կը պահէ ժողովուրդէն: «Բացառիկ ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացուի այս արարքներուն վրայ, որոնք սկսած են սպառնալու Թուրքիոյ միատարր ու ազգային պետութիւն ըլլալու կարգավիճակին», ըսած է Պահչելի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.