
«Հայ Մօր Դերը Վճռական Է Մարդակերտումի
Ու Հայակերտումի Մէջ»
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 18 Յունիսի առաւօտուն, իր խօսքը ուղղելով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր տիկիններուն, որոնք անցնող ամիսներուն ընթացքին կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն Երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան՝ կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Արամ Ա. կաթողիկոս Հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը շեշտելով մեր Հայ կեանքէն ներս, ըսաւ. «Խօսելով Հայ դպրոցին մասին, յաճախ եւ արդարօրէն զայն կը բնութագրենք որպէս մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց: Այս խոր գիտակցութենէն ու յանձնառութենէն մղուած, մեր եկեղեցին ու մեր կառոյցները միշտ աջակից դարձած են Հայ դպրոցին: Սակայն յաճախ կը մոռնանք, որ մարդակերտումի ու հայակերտումի հիմքը կը դրուի Հայ ընտանիքէն ներս, Հայ մօր առանցքային դերակատարութեամբ: Յաճախ կը մոռնանք, որ դպրոցէն աւելի Հայ ընտանիքի յարկին տակ է որ Հայ աշակերտը իր կեանքի օրերը կ՛ապրի: Յաճախ կը մոռնանք, որ Հայ մայրը իր զաւկին մնայուն դաստիարակն է, ինչ տարիքի կամ հանգամանք ալ ունենայ ան: Արդ, որքան ճակատագրական է դերը հայ մօր»:
Իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ երկու հիմնական հարցերու: Հայ Մօր տարուան առիթով ան նկարագրեց Հայ մօր իւրայատուկ կոչումը եւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին սպասումը Հայ մայրէն: Վեհափառը յիշեցուց ներկաներուն, թէ «մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող դրական կամ բացասական երեւոյթները ուղղակի կամ անուղղակիկօրէն առնչուած են Հայ մօր, որովհետեւ Հայ ընտանիքին կերտման, կազմաւորման ու կազմակերպման գլխաւոր դերակատարը մայրն է: Հայ մայրը սովորական իմաստով կին չէ, դաստիարակ չէ, այլ հիմքն է այն շէնքին, ընտանիքին, որուն վրայ կը կառուցուին թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ ազգը եւ թէ հայրենքը: Երբ այդ հիմքը տոկուն չէ, կը նշանակէ որ անոր վրայ բարձրացած որեւէ մէկ կառոյց, ուշ կամ կանուխ, պիտի տատանի»:
Հայրապետը մեր կեանքին առնչուած դրական երեւոյթներուն առընթեր նաեւ մատնանշեց մի քանի բացասական երեւոյթներ: Ան ըսաւ. «Հարց կու տանք, ինչո՞ւ խառն ամուսնութիւնները սկսած են աճիլ մեր կեանքէն ներս: Ինչո՞ւ օտար դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը սկսած է բարձրանալ: Այս «ինչու»ներուն պատասխանը ուրիշ տեղ մի փնտռէք, այլ Հայ ընտանիքէն ներս: Արդարեւ, Հայ մայրն է որ իր փոքրիկին ձեռքէն բռնած օտար դպրոց կ՛առաջնորդէ. Հայ մայրն է որ կոչուած է այնպիսի կրթութիւն տալու իր զաւակին, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ու բոլոր որոշումներուն մէջ չհեռանայ իր արմատներէն, իր պատկանելիութենէն»:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, վեհափառը անդրադարձաւ Աստուած-մարդ յարաբերութեան. «Աստուածաշունչը Աստուած-մարդ յարաբերութեան պատմութիւնն է: Աստուած ի՛նքն է որ մօտեցաւ մարդուն: Աստուած ինքն է որ ընտրեց մեղաւոր մարդը. Աստրուած ինքն է որ իր Միածին Որդին ղրկեց մարդուն փրկութեան համար: Ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ իր արիւնը թափեց մարդուն համար: Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ ըլլալ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ եղաւ: Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը Աստուծոյ ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ: Արդ, եկեղեցի կ՛երթանք Աստուծոյ հետ ըլլալու համար: Աստուած միշտ պատրաստ է մեզի հետ ըլլալու. արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք Աստուծոյ հետ ըլլալու»:
Իր պատգամի աւարտին, հայրապետը նաեւ առիթ տուաւ տիկիններուն որ հարցումներ ուղղեն իրեն: Հանդիպումին սկիզբը եւ վերջը խօսք առին Հայ կանանց հոգեւոր լսարանի պատասխանատուներ՝ Յովհաննէս աբղ. Սաղտըճեանն ու Նշան աբղ. Լախոյեանը, որոնք իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին վեհափառ հայրապետին եւ խոստացան նոյն նուիրումով շարունակել տիկիններու յատուկ հոգեւոր սերտողութիւնը կաթողիկոսարանէն ներս: