
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը Երկուշաբթի, Յունիս 3ին յատուկ վկայագիրներով եւ կրթաթոշակներով պարգեւատրեց պետական վարժարաններ յաճախող շրջանաւարտ աշակերտները՝ նեցուկ կանգնելով անոնց ուսման շարունակութեան:
ՀՕՄի քայլերգէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն, իրենց տարած ջանքերուն համար. ան նաեւ կոչ ըրաւ աշակերտներուն, որ իրենց նպատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ տեղի չտան դժուարութեանց առջեւ՝ աւելցնելով, թէ անոնք են ՀՕՄի եւ հայ մշակոյթի պահապանները:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Կլենտէյլի Երկրորդական վարժարանի փոխտնօրէնուհի դոկտ. Թամար Քաթարոյեանը, որ դրուատեց ՀՕՄի կատարած աշխատանքը եւ տեսիլքը՝ միաժամանակ շեշտելով, թէ աշակերտները իրենց կարելին պէտք է ընեն պահպանելու համար իրենց հայկական ինքնութիւնը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ այս տարեշրջանի պարգեւատրուած աշակերտներն են՝ Նորա Մելքոնեան, Տիանա Մուրատեան, Ռիթա Սէմէրճեան, Արտա Պետոյեան, Լոռի Մանճիկեան, Անահիտ Քէշիշեան, Թերըն Ետիկեան, Անի Ասլանեան, Քրիսթին Գիւբէլեան, Միհրան Յովհաննիսեան, Էնտրու Ալուին, Ռիթա Հասէրճեան, Նաթալի Տալտալեան, Մանէ Աւագեան, Գրիգոր Ադամեան, Ռեճինա Յակոբեան, Մարիամ Զատիկեան, Քեթրին Տէրմէնճեան, æիւան Յովսէփեան, Քրիսթիան Պետոյեան, Լուսին Մասլաքեան, Ռոզ Ռումեան եւ Դաւիթ Խուտավերտեան: