
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Երեւանի քաղաքապետարանի 2013 թուականի շինարարական–բարեկարգման ծրագիրով կը գործադրուին մայրաքաղաքի փողոցներու հետիոտնային անցումներու թեքահարթակներու կառուցման աշխատանքներ: Այդ նպատակով համայնքային պիւտճէէն յատկացուած է 20 միլիոն դրամ, որով պիտի շինուի 100 թեքահարթակ: Բացի ատկէ, թեքահարթակներ պիտի զետեղուին նաեւ մայրաքաղաքի 9 վարչական շրջաններու վարչական շէնքերու մուտքերուն մօտ: Մինչ այդ նմանատիպ աշխատանքներ կատարուած էին 45 դպրոցներու մէջ:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, չափորոշիչներով նախատեսուած է ապահովել թեքահարթակի 8էն 10 տոկոս թեքութիւն, որպէսզի շարժական աթոռ օգտագործող քաղաքացիները առանց կողմնակի միջամտութեան կարենան անցնիլ անոր վրայէն: «Բազմաբնակարան, բազմաֆունկցիոնալ եւ հասարակական տիպի շէնքերի նախագծային աշխատանքների համար տրուող ճարտարապետայատակագծային առաջադրանքներում եւս, որպէս կանոն, պարտադիր պայման է թեքահարթակի կառուցման անհրաժեշտութիւնը», նշած են քաղաքապետարանէն: