Տնտեսական ճգնաժամը ծանր հարուած հասցուցած է յունական անշարժ գոյքի շուկային: Ըստ գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկըմայնը Ցայթունկ» օրաթերթի տուեալներուն, միայն վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Յունաստանի մէջ անշարժ գոյքի գինը աւելի քան 50 առ հարիւրի անկում արձանագրած է: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ տեղական լրատուամիջոցները նոյնիսկ կ՛ենթադրեն, որ շուտով հողի մէկ քառակուսի մեթրը աւելի աժան պիտի ըլլայ, քան հացը:
Հակառակ անոր, որ «Տեր Շփիկըլ» ամսագիրը կը յայտնէ, որ այն լուրերը, թէ յոյները ստիպուած պիտի ըլլան իրենց տուները չնչին գումարով վաճառելու, խիստ չափազանցուած են, երկրին մէջ արդէն շուրջ 250 հազար միաւոր անշարժ գոյք վաճառքի հանուած է: Բացի ատկէ, գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ անոնց մեծ մասը պիտի չվաճառուի: Յոյները կը վախնան անշարժ գոյքի մարզին մէջ ներդրումներ կատարել է, իսկ օտարերկրացիները կը վախնան զանգուածային անկարգութիւններու հաւանական վերսկսումէն:
Յունական զանգուածային լրատուամիջոցները նոյնիսկ կը կատակեն, որ «յունական անշարժ գոյքի ներկայ շուկայէն աւելի վատ կրնայ ըլլալ միայն անշարժ գոյքի յաջորդ տարուան շուկան»: Ըստ անոնց, Յունաստանի մէջ անշարժ գոյքը կրնայ աւելի աժան դառնալ, քան մէկ հացը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.