
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններու հանդիպումը, որուն մասնակցած է նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Մինիոն:
Հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները հանդիպումին մասնակցած են ամբողջ կազմով: Շուրջ երկու ժամ տեւած քննարկումներուն օրակարգին վրայ եղած է ղարաբաղեան տագնապի կողմերու՝ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման հարցը: Ժան-Քլոտ Մինիոն հանդիպումը գնահատած է «դրական» եւ զայն որակած է իբրեւ «բարի կամքի դրսեւորում»:
«Ատիկա ընկերներու միջեւ հանդիպում էր, հայերու, ազրպէյճանցիներու, խորհրդարանականներու միջեւ՝ վեհաժողովի նախագահին մասնակցութեամբ: Մենք որոշում տուած ենք այսուհետեւ եւս, իբրեւ ընկերներ, հանդիպելու այստեղ՝ ժողովրդավարութեան օճախին մէջ, եւ քննարկած, թէ ինչպէ՛ս կրնանք համագործակցիլ: Ես նկատած եմ, որ երկու կողմերն ալ անկեղծ ցանկութիւն եւ քաղաքական կամք ունին համատեղ աշխատելու եւ համագործակցելու: Մենք որոշած ենք շարունակել նմանօրինակ հանդիպումները: Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան նաեւ յաջորդ նստաշրջաններուն ժամանակ», յայտարարած է Մինիոն:
ԱՓԱ կ՛աւելցնէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի գործունէութեան կասեցումէն (2009ին) ետք Ժան-Քլոտ Մինիոն բազմիցս հանդէս եկած է հայկական եւ ազրպէյճանական պատուիրակութիւններուն միջեւ ոչ պաշտօնական հանդիպումներ կատարելու օգտին: «Գրեթէ իւրաքանչիւր նստաշրջանի ժամանակ նման հանդիպումներ կազմակերպուած են, սակայն անոնց մասնակցած են միայն պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Այս նստաշրջանի ծիրին մէջ, սակայն, հանդիպման մասնակցած են հայկական եւ ազրպէյճանական պատուիրակութիւններուն անդամները», կ՛ընդգծէ գործակալութիւնը: