
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մօտ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին:
Վանքի եւ մատուռի նման կառոյցներ, որոնք հնագիտական հետազօտութեանց ընթացքին յայտնաբերուած էին եւ քարերով լեցուն պարկերով պաշտպանուած, վեց ամիսէն պիտի վերանորոգուին՝ օգտագործելով Իտալիայէն բերուած քարեր: Ախթամար կղզիին վրայ նաեւ 24 ժամ գործող անվտանգութեան տեսախցիկներ պիտի զետեղուին:
50 անձերէ բաղկացած թեքնիք խմբակ մը պիտի զբաղի վերանորոգման աշխատանքով, իսկ շինարարական նիւթերը նաւով պիտի փոխադրուին կղզի:
«Տողան» կը նշէ, որ եկեղեցւոյ առաջին վերանորոգումը սկսած էր Մայիս 2005ին եւ աւարտած Յուլիս 2006ին: Ս. Խաչ եկեղեցին 29 Մարտ 2007ին վերաբացուած էր իբրեւ յուշակոթող-թանգարան: Վերանորոգման համար ծախսուած էր 4 միլիոն թրքական լիրա:
Հայերուն արտօնութիւն տրուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ արարողութիւն կատարելու: