«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քրտական հարցի լուծման «Իմաստուններու յանձնախումբ»ին հետ Պոլսոյ մէջ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ՔԱԿի ուժերուն միայն 15 առ հարիւրը Թուրքիայէն հեռացած է:
«Իմաստուններու յանձնախումբ»ը իր աշխատանքներուն աւարտէն ետք վերջին ժողովը գումարած է Էրտողանի հետ: Վերջինս ընդգծած է, որ ՔԱԿի զինեալներէն միայն 15 առ հարիւրը հեռացած է Թուրքիայէն, իսկ 85 առ հարիւրը կը շարունակէ անոր սահմաններուն մէջ մնալ:
«Իմաստուններու յանձնախումբ»ը Էրտողանին ներկայացուցած է իր աւարտական զեկուցումը, որ կ՛ամփոփէ իւրաքանչիւր աշխատանքային խմբակի եօթը շրջաններու մէջ կատարած ուսումնասիրութիւնը: Յանձնախումբը անցեալ շաբաթ եզրակացուցած էր, որ քրտական հարցի մնայուն լուծումը նոր քաղաքային, ժողովրդավարական սահմանադրութեան մը կարիքը ունի:
Յանձնախումբի 63 անդամներէն երեքը՝ Մուրաթ Պելկէ, Պասքըն Օրան եւ Մուսթաֆա Քումլու, բացակայեցան հանդիպումէն: Անոնք յայտարարած էին, որ հանդիպումին չեն մասնակցիր՝ իբրեւ բողոք Էրտողանի կողմէ «Կեզի» հանրապարտէզի ցուցարարներուն նկատմամբ վիրաւորական եւ մերժողական վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ ՔԱԿի ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի նկարագրման կերպին:
Հանդիպումին Էրտողանի կողքին ներկայ էին փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ, ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք, վարչապետարանի ենթաքարտուղար Էֆքան Ալա եւ Էրտողանի դուստրը՝ Սիւմէյէ Էրտողան, որ իբրեւ իր հօր խորհրդական կը ծառայէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.