Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան համաձայնեցան Սուրիոյ տագնապի լուծման համար ջանքերը համակարգելու շուրջ, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլու «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարումը արագացնելու կարեւորութիւնը շեշտեցին:
«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ յայտնելով, որ Փութին եւ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սուրիոյ կացութեան շուրջ թրքական նախաձեռնութիւն մը քննարկած են եւ պատրաստակամութիւն յայտնած տագնապի լուծման համար ջանքերը համակարգելու:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ «երկու ղեկավարները շրջանի, Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար անոր շրջապատի կացութիւնը քննարկեցին» եւ «երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին տագնապի քաղաքական լուծման համար ջանքերը համակարգելու»:
Զուգահեռ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Լաւրով Տաւութօղլուի հետ քննարկեց «ռուս-թրքական յարաբերութեանց մէջ գտնուող հրատապ հարցերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութիւնը»:
Լաւրով Տաւութօղլուն տեղեակ պահած է «Ժընեւ-2»ի պատրաստութեան համար Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն եռակողմանի հանդիպումին արդիւնքներէն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտը դրուած է «Ժընեւ-2»ը գումարելու աճապարելու հարցին վրայ՝ նպաստելու համար սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման, եւ երկու նախարարները համաձայնած են այս հարցով հաղորդակցութիւնները շարունակելու շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.