Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ողջունեց Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով Անգարայի հետ բանակցութիւնները շարունակելու Եւրոպական Միութեան գոյացուցած համաձայնութիւնը, սակայն զգուշացուց, որ թրքական կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն լոյսին տակ ժողովրդավարական արժէքները բանակցելի չեն:
Մերքել գերմանական խորհրդարանին յայտնեց, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար այս շաբաթ գոյացած համաձայնութիւնը պայմանաւորուած է մարդկային իրաւանց յարգումով եւ քաղաքական բարեփոխումներով, ինչ որ պիտի նշանակէ, որ Եւրոպական Միութիւնը «պիտի չվարուի կարծես ոչինչ պատահած է»:
Մերքել ըսաւ, որ «այս արդիւնքը յստակ կը դարձնէ, որ Թուրքիա կարեւոր գործընկեր է, սակայն բողոքի ցոյց կատարելու ազատութեան, խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան, օրէնքի գերիշխանութեան եւ կրօնական ազատութեան մեր եւրոպական սեփական արժէքները միշտ ի զօրու են եւ ոչ բանակցելի»:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ քաղաքապետ Քատիր Թոփաշ յայտնեց, որ Թաքսիմ հրապարակի ցոյցերուն պատճառած վնասները կը գնահատուին շուրջ 100 միլիոն թրքական լիրայով, այսինքն՝ շուրջ 52 միլիոն տոլարով:
Թոփաշ Թաքսիմի մէջ խանութներու տէր գործարարներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «այս վնասներուն պատճառը ցուցարարներուն եւ բողոքողներուն խանութներուն եւ գործարարներուն կրած վնասներով հետաքրքրուած չըլլալն է»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.