ԵՐԵՒԱՆ.– Լեհական LOT օդանաւային ընկերութիւնը պիտի վերսկսի «Պոյինկ-787 տրիմլայնըր» օդանաւերով թռիչքներուն: Ընկերութիւնը Եւրոպայի մէջ այս օդանաւերը օգտագործող առաջինն է։ Անոնք, ըստ մասնագէտներու, մեծ են, յարմարաւէտ ու ապահովուած անվտանգութեան բոլոր համակարգերով:
Լեհական LOT օդանաւային ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակի աշխատակիցները հայաստանեան յառաջատար զբօսաշրջական գործակալութիւններու ներկայացուցիչները արդէն փորձ կատարած են, մեկնած են Վարշաւա ու տեղւոյն վրայ ծանօթացած են ընկերութեան նոր օդանաւերուն առաւելութիւններուն։
Հայաստանի մէջ լեհական LOT ընկերութիւնը իր թռիչքներուն վերսկսաւ վերջերս: Այժմ դէպի Լեհասանի մայրաքաղաք «Արմէնիա» օդակայանէն թռիչքներ կը կատարուին շաբաթական 5 անգամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.