ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Ատամնաբոյժ Նշան Օտապաշեան ծնած է Դամասկոս, Սուրիա: Մեծ ծնողները եղած են, շատ շատերու նման, Հայկական Ցեղասպանութենէն հրաշքով ազատած հայորդիներ: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական վաժարանէն: 1977ին իր ծնողքին հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, Փրովիտընս-Ռոտ Այլընտ, իսկ 1979ին՝ վերջնականապէս հաստատուած Քալիֆորնիա:
Երկրորդական ուսումը ստացած է Հոլիվուտ Հայ Սքուլէն, իսկ համալսարանականը՝ UCLA-էն, որմէ ետք բարձրագոյն ուսում ստացած է Պոսթընի Tufts համալսարանէն, ուրկէ 1991ին վկայուած է իբրեւ ատամանբոյժ: Ութ տարիներ այս մարզին մէջ գործելէ ետք, որոշած է իր ասպարէզին մէջ մասնագիտանալ: Ուստի յաճախած է Քալիֆորնիոյ Լոմա Լինտա համալսարանը, ուրկէ 2001 թուականին վկայուած է իբրեւ մասնագէտ ատամանաբոյժ՝ Endodontics ճիւղէն ներս, դասախօս ունենալով հմուտ փրոֆեսէօրներ Պաքլանտն ու Թորապինեճատը: Ապա, իբրեւ մասնագէտ ատամնաբոյժ Լաս Վեկասի եւ Պէյքըսֆիլտի գաղութներէն ներս սպասարկելէ ետք, 2008ին վերջնականապէս հիմը դրած է իր դարմանատան, Կլենտէյլի մէջ:
Ներկայիս Կլենտէյլի Պրենտ պողոտային վրայ ունի Glendale MicroEndodontics (GME) դարմանատունը: Միւս կողմէ, ան արդէն 12 տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ Լոմա Լինտա համալսարանի ատամնաբուժական բաժինին մէջ:
Ամուսնացած է Լիլիթ Տիւլկէրեանի հետ: Ունի երեք զաւակ՝ Կալիա՝ 8 տարեկան, Սերժ՝ 5 եւ Նոյ՝ 3: Առաջին երկուքը արդէն իսկ կը յաճախեն Մոնթրոզի Հայ Քոյրերու վարժարանը:
ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
– Ի՞նչ պիտի հասկնանք Endodontics բացատրութենէն:
Ատամնաբոյժ Օտապաշեան 22 տարիներէ ի վեր իբրեւ մասնագէտ ատամնաբոյժ կը ծառայէ շրջանիս: Փոքր տարիքէն շատ սիրած է ձեռային աշխատանքները, յատկապէս՝ մատներու գործածութեամբ զբաղումը, եւ միշտ փափաքած է բժիշկ դառնալ: Այս երազը իրեն հետ ապրեցուցած է: Ու ահա շնորհիւ իր հմտութեան, ծառայասիրութեան, միշտ օգտակար հանդիսանալու տրամադրութեան, կրցած է այդ երազը իրականացնել:
Իր շրջապատին եւ յատկապէս իր հիւանդներուն վկայութեամբ, տոքթ. Օտապաշեան, իբրեւ հայ եւ աստուածավախ քրիստոնեայ, միշտ համբերատար եղած է: Հիւանդին ակռան բուժելը իրեն անձնապէս ներքին մեծ գոհունակութիւն կու տայ:
Անկախ այս բոլորէն, ան լաւապէս գիտակցած է, թէ ակռաները մեծ դեր կը խաղան մարդկային մարմինի ֆիզիքական աշխարհին մէջ: Անոր համար յստակ եղած է, թէ իր ընտրած ճիւղը՝ առանց որոշ մասնագիտութեան, ապարդիւն պիտի ըլլար: Ուստի, ոչ մէկ ճիգ խնայած է իր երազի իրականացման համար, ու շնորհիւ Լոմա Լինտայի իր դասախօսներու քաջալերանքին, ան կրցած է ձեռք ձգել այս մասնագիտութիւնը: Տոքթ. Նշան Օտապաշեանի մասնագիտութիւնն է Endodontics կամ՝ Root Canal կոչուածը, որ կապ ունի ակռայի ջիղերուն եւ ակռայի ոսկորին հետ: Մէկ խօսքով՝ զանազան պատճառներով վնասուած ակռայի մը փտած ջիղը նոր արհեստագիտութեամբ հեռացնելով՝ կարելի պիտի ըլլայ փրկել ու դարմանել զայն:
Անշուշտ, շատ դիւրին է փտած կամ վնասուած ակռան «հանել» ու անկէ «ազատիլ», բայց համաձայն տոքթ. Օտապաշեանի՝ յաճախ այդ որոշումը չըլլար ի նպաստ հիւանդին: Հաստատապէս յաջողակ ատամնաբոյժ դառնալու համար, մամուլի կամ պատկերասփիւռի ծանուցումներէն առ աւելի էական են հիւանդին ունեցած դրական արտայայտութիւնները՝ իր բժիշկին հասցէին:
Այս եւ նման հարցերու մասին մօտէն ու մանրամասն ձեւով ծանօթացանք՝ կարդալով տոքթ. Օտապաշեանի հիւանդներուն կատարած գնահատականները ու արտայայտած դրական կարծիքները՝ այցելելով www.GlendaleMicroEndodontics.com կայքը:
– Ո՞վ է բժիշկը:
Ատամնաբուժութիւնը նուիրական գործ մըն է: Արհեստ ըլլալէ առաջ, անիկա արուեստ ալ է: Աշխատանք մը կամ աւելի ճիշդ՝ մասնագիտութիւն մը ըլլալէ առաջ, անիկա նաեւ առաքելութիւն մըն է, որ կը միտի հիւանդի ակռաներուն շուտափոյթ բուժման ձեւերու որոնման եւ անոնց առողջութեան վերականգնումին:
Տոքթ. Նշան Օտապաշեան հաւատացած է այս սոսկ իրականութեան: Իսկ անոնք, որոնք դրամ շահելու համար կ՛ուզեն բժշկութեան ասպարէզին հետեւիլ, նախընտրելի է, որ ընտրեն ուրիշ ասպարէզ մը. ան այսպէս թելադրած է միշտ իրմէ խորհուրդ հայցող բժշկութեան թեկնածու ուսանողներուն:
Աւելին, ան կը շեշտէ, թէ կարեւոր է, որ ատամնաբոյժը բաւարար ժամանակ տրամադրէ իր այս աշխատանքին ու մօտէն հետեւի հիւանդի ակռային դարմանումներուն: Մէկ խօսքով՝ ատամնաբոյժը, հիւանդը գոհ ձգելու եւ անոր ակռան փրկելու նպատակով, ամէն ճիգ եւ հմտութիւն պէտք է թափէ՝ տալով պէտք եղած բոլոր բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները:
Իբրեւ այս ճիւղէն ներս մասնագիտացած եւ տարիներու փորձառութիւն ձեռք ձգած բժիշկ, ան կ՛աւելցնէ նաեւ, թէ որեւէ բուժումի պարագային, էական է, որ նախ բժիշկը իր հիւանդը լսէ ու ժամանակ տրամադրէ անոր, մտիկ ընէ անոր բոլոր բողոքներուն, տեղեկանայ անոր ցաւերու աղբիւրներուն ու պատճառներուն: Իսկ դարմանումի սկսելէ առաջ՝ նաեւ մօտէն ծանօթանայ հիւանդին ներաշխարհին:
Տակաւին, ատամնաբոյժէն կը պահանջուի ըլլալ համբերատար եւ խղճամիտ: Բժիշկը ի՛նք պէտք է նախազգուշական ճամբաներ փոխանցէ հիւանդին: Տոքթ. Օտապաշեանի համար անշահախնդրութիւնը մեծ դեր կը խաղայ այս ասպարէզին մէջ: Ամէնէն կարեւորը՝ բուժուելու դիմող անհատը պէտք է հանգիստ զգայ բժիշկին դարմանատան կամ գրասենեակին մէջ: Այս մէկը իր նշաբաններէն մէկը դարձուցած է ան:
– Ո՞վ է Նշան Օտապաշեանը մեր գաղութէն ներս:
Անկասկած, որ մեզմէ շատերը տոքթ. Օտապաշեանին հանդիպած են հայկական ARTN հեռատեսիլի յայտագիրէն, տարբեր առիթներով անոր ունեցած ելոյթներուն ընթացքին, եւ ծանօթ են ակռաներու առողջ պահպանման եւ բուժման վերաբերեալ անոր տուած բացատրութիւններուն ու մասնագիտական լուսաբանութիւններուն: Ան միշտ բաւարար խօսած ու բացատրած է ակռայի հիւանդութիւններուն, անոնց առաջքը առնելու ձեւերուն եւ բուժման միջոցներուն մասին:
Տոքթ. Նշան Օտապաշեան, իբրեւ հայ եւ հաւատացեալ քրիստոնեայ, ազնիւ մարդ ու հեզ բժիշկ, իր մասնագիտութեան կողքին ջատագոված է հայօրէն ապրելու էականութիւնը: Անոր ազգային գիտակցութեան մէջ իր հայրը ունեցած է մեծ ու բարերար դեր: Անոր համար ալ, իր կեանքին իմաստը ըրած է հայօրէն գոյատեւելն ու պայքարիլը հայ ժողովուրդի բոլոր իղձերու իրագործման ի խնդիր:
Ունենալով հետաքրքրութեան ընդարձակ դաշտ՝ նոյնիսկ ներկայ իր բազմազբաղ իրավիճակին մէջ ան երբեք հեռու չէ մնացած գաղութի ազգապահպանման աշխատանքներէն: Ամէն առիթով լուռ եւ անձայն նեցուկ կանգնած է եւ զօրակցած հայապահպանման աշխատանքներու իրագործման: Իր համեստ կարծիքով՝ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է իր լուման բերել ազգապահպանման եւ հայակերտման աշխատանքին մէջ:
Ան, տակաւին աշակերտական եւ ապա համալսարանական տարիներէն սկսեալ, միշտ հպարտ եղած է իր ազգութեամբ եւ հայութեամբ: Իր մեծ փափաքն է, որ մեր նոր սերունդն ալ, իր կարգին, հպարտ ապրի ու չմոռնայ իր լեզուն ու հայրենիքը:
Իբրեւ հայ բժիշկ, հայրենի եւ կամ Սփիւռքի հայութեան շահերով մտահոգ անհատ՝ տոքթ. Օտապաշեանի անկեղծ փափաքն է, որ բոլորս ալ համագործակցինք ու փոխադարձ յարգանքով մօտենանք մեզ յուզող ամէն տեսակի հարցերու:
ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Յառաջիկայ Յուլիսի սկիզբին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ բժիշկներու համագումարը: Օրուան պատշաճ յայտագիրէն կը տեղեկանանք, թէ, ինչպէս նախորդ համագումարներուն, այս մէկուն ընթացքին եւս տոքթ. Օտապաշեան իր մասնագիտութենէն քաղուած նիւթերու շուրջ ելոյթներ պիտի ունենայ: Այսպէս.
Բարդ ակռաներու պարագաներ, բորբոքումներ եւ դարմանում, նորութիւններ Endodontics մարզէն ներս, ակռաներու վնասուած ջիղերու վերականգնում կամ դարմանում: Աւելցնենք նաեւ, որ ան պատիւը ունի ծառայելու California State Association of Endodontics-ի նախագահի պաշտօնին:
Իբրեւ փորձառու եւ մասնագէտ ատամնաբոյժ, ան կը յայտնէ մեր բոլոր հայ ուսանողներուն, թէ արդի գիտական աշխարհին մէջ բժշկական բոլոր ճիւղերը մասնագիտացած են: Ուստի, ոեւէ անհատ պէտք է ջանայ հասնելու մասնագիտութեան այնպիսի բարձր մակարդակի մը, որուն միջոցով կարենայ հոգեկան բաւարարութիւն ստանալ եւ ապա, անշուշտ, յաջողութիւն ձեռք ձգել իր ընտրած ասպարէզին մէջ:
Nishan Odabashian, DMD, MS
1138 N. Brand Blvd. Suite B
Glendale, CA 91202
Phone: 818-552-ENDO(3636)
President CA State Assoc.
of Endodontics