ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– 23 Յուլիսին 54 տարեկան հասակին մահացած է տաղանդաւոր նկարիչ, Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ Վահրամ Յարութիւնեանը:
Վահրամ Յարութիւնեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 24ին, ժամը 18:00ին, Փարաքարի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Վերջին հրաժեշտը՝ Յուլիս 25ին, ժամը 12:30էն սկսեալ Հայաստանի նկարիչներու միութեան շէնքը: Յուղարկաւորութիւն պիտի կատարուի ժամը 14:00ին, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.