ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Փարաջանով» գեղարուեստական ժապաւէնը Օտեսայի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին նկատուած է «Լաւագոյն ուքրանական երկար ժապաւէնը»։ «Եթէ ֆիլմն ուկրաինական է համարւում Ուկրաինայում, ուրեմն պէտք է, որ նա հայկական համարուի Հայաստանում, ֆրանսիական՝ Ֆրանսիայում եւ վրացական՝ Վրաստանում, հէնց դա է Փարաջանովի անսահմանութիւնը», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փառատօնէն ստացած իր տպաւորութիւնները յայտնած է ժապաւէնի գլխաւոր դերակատար եւ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանը: Անոր համաձայն, հաւանաբար ժապաւէնը պիտի դիտուի բազմազան հանդիսատեսներու կողմէ եւ պիտի ունենայ հետաքրքրական ճակատագիր: «Պէտք է այժմ իմանալ, թէ երբ է «Փարաջանով»ը յայտնուելու հայկական կինովարձոյթում, կարծում եմ, որ հայ հանդիսատեսն արդէն պատրաստ է այն ընդունելու», յայտնած է Աւետիքեանը:
«Փարաջանով՝ գեղեցիկի սիրահարը» կամ պարզապէս «Փարաջանով» ժապաւէնը առաջին անգամ ներկայացուած է 13 Յուլիսին՝ «Մոսկուա» թատրոնին մէջ՝ եզրափակելով յոբելենական «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը: Ժապաւէնի ուքրանացի արտադրողն է բեմադրիչ Ելենա Ֆետիսովան:
93 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնին մէջ հանդիսատեսը կարելիութիւն պիտի ունենայ տեսնելու հեղինակներուն բացայայտած Փարաջանովը, որ թէ՛ կեանքին մէջ, թէ ժապաւէնին մէջ գեղեցիկի սիրահար է: Յատկանշականը այն է, որ այս ժապաւէնին մէջ մնայուն կերպով կատակող, դերասանական խաղի մէջ մտնող, ուրախ Փարաջանովը ներկայացուած է բոլորովին այլ՝ ողբերգական կողմէ, երբ ան մինակ նստած ձեռայիններ կը պատրաստէ, կը յիշէ մանկութեան տարիները, կինն ու տղան, որոնցմէ ճակատագիրի բերմամբ բաժնուած է։
Կը սերտուի ժապաւէնը այլ միջազգային փառատօններուն եւս ներկայացնելու հարցը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.