
«ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՄԷæ ՊՏՈՅՏ» ՇԱՐՔԻ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐ
Լոյս տեսաւ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի «Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» շարքի երրորդ հատորը։
«Այս երրորդ հատորը կը բովանդակէ շարքին 165րդ յօդուածէն մինչեւ 245րդ յօդուածը։ Շատ ճաշակաւոր կողքի մը տակ, որ պատրաստուած է դարձեալ Արի Հատտէճեանի կողմէ, գիրքը դարձեալ նոր դռներ կը բանայ մեր Մեծասքանչին պարտէզներուն մէջ եւ իր ընթերցողները կը տանի դէպի գրական ու լեզուական հաճելի անդրադարձումներ», կը նկարագրէ «Մարմարա»։
Ռ. Հատտէճեան իր այս նոր հատորը ծանօթացուցած է հետեւեալ տողերով.
«Կը շարունակենք պտըտկիլ մեր բառարաններուն էջերուն մէջ, եւ հետզհետէ աւելի կը խանդավառուինք մեր տեսածներով ու մեր գտածներով։ Այս հրաշալի պտոյտը, եթէ կը սիրենք մեր մայրենին, եթէ կ՛ուզենք հաղորդուիլ անոր մեզի անծանօթ բիւրաւոր խորհուրդներուն հետ, վերջակէտ չունի։ Եւ այս անդրադարձումը կ՛երջանկացնէ մեզ։
Հայոց լեզուի բառարանին մէջ մեր պտոյտը վերջակէտ չունի։ Եւ մենք ալ հոնկէ ներս մեր պտոյտը պիտի շարունակենք որքան ատեն որ մեր ուժերը պիտի օգնեն մեզի։ Ման պիտի գանք բառարանին դուրսէն անհրապոյր, բայց ներսէն կախարդական բովանդակութեան մէջ ու ձեռք պիտի տանք Հայոց Մայրենիին սիրահար մեր բոլոր ընթերցողներուն, որոնք պիտի ընկերանան մեզի եւ մեզի հետ պիտի բաժնեն մեր լեզուին հարստութիւնն ու գեղեցկութիւնները։
Բարի երթ դէպի ապագայ պտոյտներ»:
«Մեր գրասէր ընթերցողները կրնան այս նոր հատորէն օրինակներ ունենալ խմբագրատունէն», կը յայտարարէ «Մարմարա» օրաթերթը