Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հարցազրոյցը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Քանատայի Համադրիչ մարմինի ատենապետ Ժան Հալլաճեանի հետ.

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ի՞նչ էր Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Հալէպի մեր գաղութի կացութիւնը անցնող օրերուն:
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ.- Կացութիւնը ճգնաժամային էր, յատկապէս վերջին տասնօրեակին: Այսօր չի բաւեր միայն կարեկցիլ ու զօրակցութիւն յայտնել մաքարող հայորդիներուն, որոնք ամէնօրեայ ապահովական աննախատեսելի զարգացումներուն դէմ յանդիման կը գտնուին: Այսօր, այդ մէկուն վրայ կենցաղային տագնապն ալ աւելցած է, այն աստիճան, որ Հալէպի մէջ շատ մը ընտանիքներ սովի եզրին հասած ու անճարութեան մատնուած են:
Բայց այս պատկերին դիմաց, կը պարզուի հալէպահիւթիւնը յատկանշող այլ յուսադրիչ երւոյթ մը, որ յաւելեալ փաստարկ մըն է անոր տոկունութեան ու մարտունակութեան: Հալէպահայութիւնը՝ անտեսելով առօրեայ կենցաղային տագնապը ու արհամարելով պատերազմի դամոկլեան սուրի սպառնալիքը, օր ցերեկով մշակութային ու գեղարուեստական ձեռնարկներով, յոյս ու կորով կը պատգամէ իր շրջապատին:
Այսօրուան գաղութի համայնապատկերը կը յիշեցնէ մեզ, թէ այս գաղութը կու գայ հետեւելու մեր նախնիներու ուղիին, երբ մէկ դար առաջ, հայորդիներ արհամարանքով կը նայէին թուրքի եաթաղանին, միւենոյն ատեն աւազին վրայ այբուբենը ուրուագծելով հայ դպրութիւնը կը ջամբէին նոր սերունդին, հայ զանգուածներուն յոյս ներշնչելով:
Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ այսօր ալ, եւ դէպքերը կու գան ամրագրելու մեր համոզումը, որ ամէն ձեւի զոհողութեան ու հոգատարութեան արժանի է այս գաղութը: Այս ճգնաժամը թեթեւցնելու ի սպաս դրուած բոլոր ազնիւ ճիգերը, «հալա՜լ» են, առինքնող այս անզուգական հայ օրրանին: Ի զուր չէ, որ արժանացած է մայր գաղութի տիտղոսին ու արժանավայել տեղը գրաւած, որպէս առաջատարը սփիւռքեան գոյապայքարի մար-տնչող որպէս գաղութ՝ հայեցի իր դիմագիծով բիւրեղ, որպէս աւանդապահը հայկական անաղարտ բարքերու:
Այսօրուան մեզի հասած լուրերը կամ տեսաերիզները կու գան վկայելու, որ Հալէպի բնակչութեան մէկ մասը անօթութեան եւ սովամահութեան եզրին հասցնելով, կը կարծուի, որ կարելի պիտի ըլլայ զինուորական եւ քաղաքական առաւելութիւն արձանագրել այս կամ այն հակամարտ հատուածին կողմէ:
Այս օրհասական կացութիւնը, որ ամէն տեսակ մարդկային արժեչափեր ոտնակոխելով ստեղծած է աղէտալի անընդունելի պատկեր, անցած է մարդկային իրաւանց ոտնակոխման սահմանները: Սրբապղծուած են միջազգային ամէն դաշնագիրներու եւ համաձայնագիրներու արժեչափերը, հասկացողութիւններն ու ոգին, որոնք կու գան կանխարգիլելու ու դատապարտելու, որ պատերազմներու ընթացքին անզէն եւ անմեղ քաղաքացիները կարելի չէ գործածել որպէս պատուար, զինուորական կամ քաղաքական յառաջխաղացք պարտադրելու ի հաշիւ: Անմեղ քաղաքացին, որ արդէն մոլեգնող սղաճին դէմ յանդիման գտնուելու ամէնօրեայ խնդիր ունի, զրկուելով սնունդէ եւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքներէ, յայտնուած կ՛ըլլայ ստոյգ մահուան սեմին:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ո՞ւր հասած են Քանատայի մէջ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան աշխատանքները:
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ.- Ընդառաջելով համահայկական կոչերուն, Քանատայի մէջ ցարդ CAMAM-ի ճամբով կարելի եղաւ հանգանակել 210,000 քանատական տոլար եւ փոխանցել համապատասխան հասցէներուն: Սակայն կացութեան լրջութիւնը մեզմէ կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ եւ ներդրում:
Պատանդ բռնուած մեր հայրենակիցներուն, շուտափոյթ ձեռք պէտք է երկարել, եւ այդ մէկը այսօր պէտք է իրագործել, վաղը ուշ է:
Մեր անմիջական շրջապատին մէջ, ուսանելի օրինակներով, կարգ մը հայորդիներ իրենց լուման կը ներդրեն այս ծրագիրին: Այսպէս, ընտանիքներ իրենց հարսանեկան կարգ մը ծախսերը կրճատելով, այդ լուման կը յատկացնեն այս ազնուական նպատակին: Այլ խմբակ մը՝ ճեմարանական շրջանաւարտներ, իրենց կազմակերպած վերահանդիպման ձեռնարկը կը ջնջեն եւ այդ նպատակով ծախսուելիք գումարները կը յատկացնեն իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն ցաւը ամոքելու նպատակին: Ծափահարելի են բոլոր այս օրինակները, որոնք վարակիչ պէտք է դառնան բոլորին:
Այս առիթով, մենք կոչ կ՛ընենք քանատահայութեան, որ դարձեալ թափ առնեն համաքանատական հանգանակային աշխատանքները, ամէն մէկը իր անմիջական շրջապատին մէջ: Ուրախ կամ տխուր առիթներով, գումարներէն բաժին հանենք Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին: Առաջնահերթութեան կարգով վերոյիշեալ հասցէին կարեւորութիւն պէտք է տալ, հաշուի առնելով պարզուած իրավիճակի շատ նուրբ եւ զգայուն հանգրուաններու առաջ գտնուիլը: Այդ մէկը կարելի է կատարել եկեղեցիներու, միութիւններու եւ անհատական նախաձեռնութիւններու ճամբով, նաեւ մեր կայքին միջոցաւ՝
www.supportsyrianarmenians.ca:
Մենք կը քաջալերենք նաեւ անհատական բոլոր ձեւի դրամի առաքման նախաձեռնութինները, որոնք հետամուտ են հարազատի մը, բարեկամի մը առօրեայ հոգը թեթեւցնելու: Վերջապէս բոլոր ճիգերն ալ ուղղուած են ձեռք երկարելու մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն, ազգային հաստատութիւններուն, ծերանոցին, Պատսպարանին եւ դպրոցներուն:
Քանատահայութիւնը միշտ արժանավայել ձեւով ազգի կարիքներուն հասնելու կամքը ցուցաբերած է եւ այսօր ալ նոյն ուժգնութեամբ ու թափով իր բոլորանուէր մասնակցութեան վճռակամութեամբ հանդէս պիտի գայ անտարակոյս:
Միասնական ուժերով շարունակենք զօրակցիլ մեր սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն: