ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Այլեւս ոչ մէկ տագնապող հայուն համար գաղտնիք է, թէ Հայաստանը արիւնաքամ ընող արտագաղթը ի՛նչ ահաւոր համեմատութիւններ ստացած է ու վաղո՜ւց անցած «ռուպիքոն»ի վտանգաւոր գիծը՝ խոր մտահոգութիւն պատճառելով մեզմէ ամենալաւատեսներուն եւս: Մտաւորական շրջանակներու մէջ, երբ փշոտ ու ցաւալի այս հարցը կ՛արծարծուի, ընդհանրապէս իրարու հակոտնեայ տարբեր մօտեցումներու ականատես կ՛ըլլանք՝ «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»ի մտածելակերպը ունեցող բոլորովին անտարբերներու ջոկատին եւ լրջօրէն հայրենիքի ապագայով մտահոգ սրտցաւ խմբակցութիւններու միջեւ: Ցաւով պէտք է շեշտել, թէ առաջին խմբակին մօտ ոչ մէկ խուճապ ու տագնապ կարելի է նկատել…
Ցաւալի այս հաստատումը թեթեւ սրտով ու դատաւորի պատմուճան հագուելու մարմաջով չէ, որ կը կատարուի: Ո՛չ ալ՝ այս կամ այն խմբակը դատապարտելու: Այլ, իրապաշտ մօտեցումով վերլուծելու հայ ժողովուրդին ու անոր դարաւոր հայրենիքի գոյութեան իսկ սպառնացող ահաւոր աղէտին ծնունդ տուող պատճառները, ու հետեւաբար՝ անոր առաջքը առնելու համար լուծումներ առաջարկելու: Զիրար քննադատելու կնճռոտ այս հարցը լուծում պիտի չգտնէ: Այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ իրագործել՝ հարցին շեշտակի նայելով ու հաւաքական ճիգերով, լուծելու համար հայ պետականութեան գոյութենէն ի վեր դիմագրաւած մեծագոյն տագնապը:
Արտագաղթը կամ Հայաստանի հայաթափումը, հինէն ի վեր մեծապետական երկիրներու կողմէ կիրարկուած, կամ այս պարագային՝ քաջալերուած, ոչ այնքան թաքուն քաղաքականութիւն եղած է: Իսկ արտագաղթի երեւոյթը, մասնաւորապէս փոքր ազգերու պատմութեան մէջ, համընդհանուր, անխուսափելի տեղաշարժ եղած է, բան մը, որ մեր օրերուն եւս մեծ թափով կը շարունակուի՝ տնտեսապէս յետամնաց, աղքատ երկիրներէ դէպի քարիւղով հարուստ կամ ճարտարարուեստականացած, բարգաւաճ երկիրներ: Անկախութեան նախորդող սփիւռքեան ու խորհրդային հայ իրականութեան մէջ, տնտեսական պարտադրանքներու ստիպումով՝ մեզմէ շատերը, բնակավայրերուն մէջ վայելած ազգային մշակութային եռուն կեանքը թողնելով՝ յաճախ դէպի արաբական քարիւղառատ երկիրներ կամ ափրիկեան ցամաքամաս ուղղուեցան, այնտեղ չարքաշ աշխատանքով տնտեսական բարեկեցութեան հասնելու եւ մէկտեղած դրամագլուխը հեռաւոր ծննդավայրի տնտեսութեան մէջ ներդրելու՝ այն յոյսով, որ երկիր վերադառնալով՝ փոքր չափանիշով կալուածատէր ու գործատէր պիտի դառնային:
Սակայն լիբանանեան քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմը խոշտանգեց երկիրի պանդուխտ զաւակներուն փայփայած վերադարձի երազը ու փոխարէնը՝ անոնք իրենց քայլերը, ակամայ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա կամ Աւստրալիա ուղղեցին, յաճախ տնտեսապէս կուլ երթալու տասը տարին մէկ անգամ սարքուող տնտեսատագնապներուն, որոնք հողմի պէս կու գան սրբել-տանելու երկրի դրամատիրական անհոգի դրոյթին անվարժ նորեկներու ստացուածքներն ու հազար զոհողութեամբ կանգուն պահուող պիզնեսները:
Կար ժամանակ մը, երբ հայրենի մեր եղբայրներն ալ Ռուսիոյ խամ ու խոպան հեռաւոր անկիւնները կը մեկնէին՝ տնտեսական կայունութիւն ձեռք բերելու հեռանկարով: Անոնք շրջան մը վատթարագոյն պայմաններու մէջ գործելէ ետք, խնայողութիւնը գրպանը՝ իրենց սիրելիներուն կը վերադառնային: Սակայն Հայաստանի անկախութենէն ու Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, կարծես խուճապ մը ծայր տուաւ հայրենի ժողովուրդին մօտ: Ոմանք, խորհրդային կարգերու վերադարձի հեռանկարէն սարսափահար, իսկ ուրիշներ նորանկախ երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններէն յուսահատ՝ թողլքեցին հայրենիքը ու շունչերը օտար ափեր առին՝ անիծելով Հայասատանի մէջ իշխանութեան հասած ՀՀՇականներն ու նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, երկիրէն ներս տիրող ալան-թալանին, տնտեսական անապահովութեան եւ ապագայի հանդէպ անյուսութեան համար:
Ճշմարտութեան սիրոյն պէտք է շեշտել, թէ ԼՊՏի հաստատած ՀՀՇական վարչակարգը չկրցաւ Հայաստանի անկախութեան պատմական բացառիկ առիթը լաւագոյնս օգտագործել՝ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած համընդհանուր խանդավառութիւնը հայրենի տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ հունաւորելու: ՀՀՇականները, Սփիւռքի տարածքին բորբոքած հայրենասիրութիւնը դրամագլուխի վերածելու ու մեծ թիւով սփիւռքահայ գործարարներու դէպի հայրենիք հոսքը ապահովելու փոխարէն, զոհ գացին տեղայնական իրենց մանր հաշիւներուն:
Արդարեւ, ՀՀՇական վարչակազմին սնուցած «ֆոպիա»ն դէպի սփիւռքահայ գործարարներն ու քաղաքական կուսակցութիւնները, զիրենք մղեց գործելու կարգ մը պատմական սխալներ, որոնց գլխաւորը երկքաղաքացիութեան մերժումն էր: Անոր յաջորդեց Սփիւռքի կարեւորագոյն կուսակցութեան պետին վտարումը հայրենիքէն, տեղական ղեկավարութեան արգելափակումը եւ հոն ծլարձակող ՀՅԴ կուսակցական շարքերուն տարրալուծումը: Պարոն Տէր Պետրոսեանի անխոհեմ այդ քայլերը շատ վատ անդրադարձ ունեցան սփիւռքահայութեան կորովը քանդելու եւ հայրենապաշտ տարրը բարոյալքելու գծով, այո՛, ուղղակի հիասթափեցնելով Հայաստանի առաջին նախագահը իտէալացուցած սփիւռքահայ զանգուածներու խոշոր մէկ տոկոսը:
Իսկ տնտեսական գետնի վրայ՝ սփիւռքահայ մտաւորականութեան ու գործարար շրջանակներուն կողմէ առաջարկուած «Համահայկական համընկերութեան» մը կազմութեան գաղափարին ոտնահարումը կամ անտեսումը տնտեսական առումով ճակատագրական մեծագոյն սխալը պիտի դառնար: Արդարեւ, առաջարկուած համընկերութեան օրինակով կառոյց մը՝ աշխարհասփիւռ հրէութեան մասնակցութեամբ եւ «Համահրէական համընկերութիւն» անուան տակ, տասնամեակներէ ի վեր յաջողութեամբ կը գործէ Իսրայէլի մէջ՝ տնտեսապէս հզօրացնելով եբրայական պետականութիւնը:
Տարբեր առիթներով, հայկական մամուլի էջերէն լայնօրէն անդրադարձած ըլլալով «Համահայկական համընկերութեան» թեմային, այստեղ կարիքը չենք տեսներ անգամ մը եւս կրկնելու արդէն իսկ յայտնուած միտքերը: Արդ, այս տիպի սխալ դիրքորոշումներ, առանց մոռնալու երկրաշարժն ու երկրին շրջափակումը, առաջին օրէն ոտնահարեցին Հայաստանի տնտեսական զարգացման կարելիութիւններն ու սփիւռքեան զանգուածային ներդրումները: Հետեւաբար՝ հայրենի տնտեսութիւնը մատնեցին թերաճ մնալու նզովքին: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ ՀՀՇական ղեկավարութեան կողմէ սխալ ըմբռնուած ու գործի դրուած շուկայական տնտեսութեան դրոյթը, որ բուռ մը ճարպիկ անձերու ձեռքերուն մէջ պիտի բեւեռացնէր երկիրի հարստութիւնը՝ «մոնոփոլ»ական տնտեսութեան մը հիմերը դնելով: Արդարեւ, Հայաստանի նորելուկ իշխանաւորները, նորանկախ երկիրը առաջնորդեցին մէկ ծայրայեղութենէն միւսը՝ ամբողջատիրական համայնավարութենէն դէպի անհոգի դրամատիրական կարգեր: Ամէնէն ցաւալին ու անհասկնալին՝ երկրի նոր տէրերուն դիզած հարստութեան արտահոսքն է դէպի աւելի ապահով վայրեր: Երեւոյթ մը, որ ինքնին աւելի մեծ ոճիր կարելի է համարել, քան հայրենի ժողովուրդի կեղեքումով հարստութիւն դիզելն ու վերէն առաքուածի հովեր առնելը:
Եթէ երբեք Հայաստանի դրամատէրերը չեն ուզեր քաղաքացիական դժգոհութիւն ու պայթում առաջացնել երկրէն ներս, ապա պէտք է վերջ տրուի «մոնոփոլիզմ»ին: Վերջ տրուի ժողովուրդի անհոգի շահարկման ու անյապաղ դիզուած դրամագլուխները հայրենիք վերադարձուին՝ կայունացնելու համար երկրի տնտեսական վատթարացած վիճակը:
Ա՛յս կը թելադրէ խոհեմութիւնը… ինչպէս նաեւ՝ անձնական իրենց շահը: Եթէ նոյնիսկ հայրենասիրական «էլեմենթ»ը դուրս մնայ անոնց հաշուեցուցակէն:
Կարծես այսքանը բաւարար չըլլար…
Վերջերս, գայթակղեցուցիչ լուր մը եւս տարածուելով՝ թունդ հանեց ամէն հայրենասէր հայու սիրտը, երբ ի յայտ եկաւ, թէ Սիւնիքի տարածքները հարեւան Պարսկաստանին վարձու պիտի տրուէին, որպէս արջառ պահելու բերրի արօտավայր: Եւ այս ձախաւեր որոշումը կը տրուէր, երբ Հայաստանի մէջ տիրող համատարած անգործութեան պատճառով, մարդիկ՝ հազարներով, կը լքեն պապենական իրենց տունն ու տեղը, դատարկելով սահմանամերձ շրջանները:
Հարց կու տանք պետական մեր այրերուն. Սիւնիքը վարձու տալու փոխարէն, ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի եւ Ռուսիոյ ունեւոր հայրենասէր հայերը չեն համախմբեր ու խրախուսեր, որպէսզի անոնք ներդրումներ կատարեն անասնաբուծութեան շահաբեր ոլորտէն ներս՝ դրացի երկիրներ արտածելով բնական արօտավայրերէն սնած ոչխարներու եւ կովերու անարատ, համեղ միսն ու կաթնեղէնը: Արդեօք օտար դրամատուներու մէջ պահ դրուած միլիոններուն բերած չնչին տոկո՞սը կը նախընտրեն անոնք անասնաբուծութեան շահութաբեր գործէն ու հայը իր հողերուն վրայ պահելու զուտ հայրենասիրական մարտահրաւէրին ընդառաջելէն: Հայաստանէն աւելի կայուն երկի՞ր պիտի գտնեն՝ դրամագլուխ կապելու…
Ինչո՞ւ արժանթինահայ գործարար Էրնէքեան մը, միլիոններու ներդրում կրնայ կատարել Հայաստանի մէջ, տառացիօրէն հայրենի լեռներուն վրայ անծայրածիր այգիներ ծաղկեցնելով, իսկ տեղացի դրամատէրը կը դժուարանայ իր շահոյթը երկրին մէջ ներդնելու, եւ Սիւնիքը՝ իր սեփական հայրենի գաւառը, հարեւանին վարձու կու տայ, որպէսզի իր դրամագլուխը, իր կարծիքով՝ աւելի ապահով տեղ մը ներդնէ ու օտարը քաղէ անոր բարիքը…
Գալով Հայաստանի առաջին նախագահ ԼՏՊէն մերժուած ու անոր իշխանութեան հաւանութեան չարժանացած «Համահայկական համընկերութեան» ստեղծման ծրագիրին, ապա Ռուսիոյ ու հայրենի գերազնիւ, հայրենասէ՛ր գործարարներու եւ սփիւռքեան համախառն դրամագլուխով ձեռք-ձեռքի տալով՝ դեռ կարելի է կեանքի կոչել նման կառոյց մը, որուն ստեղծելիք մեծաթիւ գործատեղիներուն մէջ հազարաւոր հայ մասնագէտներու գործ ու արժանավայել կեանք կարելի պիտի ըլլայ ապահովել, ու ամենակարեւորը՝ հայը ամրօրէն իր հողին կապել: Գործատեղիներ բանալու կողքին, լաւ կ՛ըլլայ, որ քարոզարշաւը զօրացուի ու նոր մեքանիզմ ստեղծուի՝ հանրային վայրերու մէջ, օտար հիւրերու քիթին տակ ծխելու մեր մոլութիւնը սանձելու: Գուցէ Երեւանի փողոցները շնչելի դարձնելով ու քիչ մըն ալ պանդոկներու գիները հասարակ այցելուի համար՝ մատչելի, հարիւր հազարաւոր նոր զբօսաշրջիկներ կարելի պիտի ըլլայ հրապուրել հայրենիք՝ հազարաւոր գործեր ստեղծելով ճամպրուկը կապած յուսահատ հայորդիներուն:
Կայ նաեւ տիտանային աշխատանքը՝ արտագաղթի համաճարակէն վարակուած հայ մարդը լուսաբանելու՝ արեւմտեան անհոգի դրամատիրութեան տակ ապրելու, արժանապատիւ կեանք մը ստեղծելու դժուարութեանց ու անոր ընկերակցող վտանգներուն մասին: Քանի որ Հայաստանի մէջ այն թիւր կարծիքը կը տիրէ, թէ Սամուէլ քեռին գրկաբաց արտագաղթող հայերուն կը սպասէ՝ ոսկէ դգալով կերակրելու համար նորեկը ու անոր գործ եւ պալատանման բնակարան հայթայթելու: Պէտք է քանի մը հազար տպաքանակով իրապաշտ գրականութիւն հրատարակել՝ հայրենի մեր ժողովուրդը դաստիարակելու եւ զգաստացնելու Ամերկայի մէջ թէ այլուր տիրող տնտեսատագնապներուն ու եկուորին սպասող դժուարին կեանքին մասին: Անոնց պէտք է բացայայտուի, թէ օտար այս ափերուն վրայ կեանք չկայ, այլ միայն՝ աշխատանք ու սրտամաշուկ վազվզուք: Երբեմն ալ՝ Լաս Վեկասի խումարանոցներու ամենակուլ մեքենաներուն բարեկեցութեան կրկներեւոյթ ստեղծող կեղծ խշշոցը… Աւելի լաւ չէ՞ կառչած մնալ հայրենի հողին: Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունի իրապաշտ գրողներու այդ տիպով գործեր. եթէ հոգը քաշենք ծանօթանալու ամերիկահայ արձակին…
Իսկ գալով հայրենի պատկերասփիւռի կայաններուն, ապա փոխանակ օրը քսանչորս ժամ մաֆիական թեմայով զզուելի «սերիալ»ներ հեռարձակելէ՝ թող նկարահանեն հայրենասիրական խորքով դաստիարակիչ շարժապատկերներ, որոնց հերոսներն ու հերոսուհիները ճակատաբաց դիմագրաւեն իրենց դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները ու հայրենի հողը լքելէ ետք՝ ափսոսալով Հայաստանի պարպումը չեղերերգեր: Տակաւին, պայքարի մէջ նետուելով՝ անոնք ներսէն թող փորձեն մաքրել ու արմատախիլ ընել տիրող փտախտը: Իսկ նոր «սերիալ»ին բնաբան պիտի ծառայէ փիլիսոփայական հետեւեալ միտքը. «Վտանգի պահուն, քաջերը, այսինքն՝ իրա՛ւ հայրենասէրներն ու միւսները, տարբեր ուղղութեամբ կը շարժին…»:
Պէտք է նոր սերունդը դաստիարակել, որ ամուր պահէ իր ոտքերը հայրենի հողին վրայ: Եթէ փոքր դժուարութեան առջեւ վհատելով՝ պիտի լքենք սրբազան այդ հողը, ապա ինչո՞ւ հազարաւոր երիտասարդներու կեանքի գնով ազատագրեցինք Արցախը:
Ի՞ՆՉ ՊԱԿՍԵՑԱՒ ՄԵԶԻ.
Սիրելի Պարոն Գուբելեան,
Շատ երիտասարդ տարիքիս, սփիւռքեան որակաւոր հաստատութեան մը մէջ աշակերտութեան տարիներուս, ձեզի մօտիկ մտաւորականի մը քաջալերանքով՝ բախտը ունեցած եմ կարդալու ձեր և այլ ժամանակակից հայ գրականութեան հեղինակներու գործերը և իսկապէս երախտապարտ եմ – ենք – ձեր կատարած ներդրումին՝ այս օրէ օր «անհետացող» «հայ գրականութիւն» կոչուած իրականութեան մէջ։
Մօտէն կը հետեւիմ տակաւին ձեր գրիչին և յօդուածներուն (ընդհանրապէս Ասպարէզի միջոցով), և Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2013ի ձեր «Արտագաղթի վտանգաւոր երեւոյթը» յօդուածը՝ թերեւս (յուսամ) առաջին կարդացողներէն մէկը եղայ։
Ուզեցի այս commentը զետեղել ո’չ իբրև քննադատութիւն ձեր գրութեան կամ արծարծած միտքերուն՝ այլ մասնակցութիւն և բաժնեկից ըլլալու արտայայտութիւն այս բոլորս, իբրեւ հայեր, մտահոգող և այժմէական հարցերուն։
Դարձեալ տարիներ առաջ կարդացած եմ, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստան, միջ–ցամաքային ուղիներու վրայ» գիրքը, որ եթէ չեմ սխալիր, իր «յուշերու» շարքին վերջին հատորն է։ Գիրք մը՝ որ հակառակ իր այժմէական ընկերային, տնտեսական, և աշխարհագրական բաղդատական միտքերուն՝ դժբախտաբար բացակայ է մեր մտաւորական և քաղաքական վերլուծական էջերէն։ Վստահ եմ շատեր ծանօթ են այդ հատորին և հակառակ որ կրնան համաձայն չըլլալ որոշ միտքերու հետ՝ սակայն ձեր յօդուածին մէջ նկատի առնուած (և չառնուած) մեր ձախողութիւններուն որոշ պատասխանները կրնանք գտնել այդ գիրքին մէջ։
Շատ անգամ, մեզմէ շատեր, յետ կարդալու կամ լսելու Հայաստանեան լուրեր՝ հարց կու տանք մենք մեզի թէ «Ի՞նչն է որ պակսեցաւ մեզի» որ այս բացասական և գահավիժումի վիճակին–ճանապարհին մէջ մտանք իբրեւ պետութիւն։ Բաղդատական անհամար արտայայտութիւններ և պարագաներ կը մէջբերուին, ոմանք տրամաբանական, իսկ ուրիշներ՝ բոլորովին անկապ։
Ձեր յօդուածին մէջ կը յիշէք «Համահրէական համընկերութեան» մասին որոշ կէտեր։ Ճիշտ տեղին է այս բաղդատելու մեր յուսալքուած արտագաղթը և հրէական պետութեան ստեղծումէն շատ առաջ ուսումնասիրուած և կազմակերպուած հրէական ներգաղթները (հինգ Aliyahները) և այլ պարագաներով դէպի Իսրայէլի պետութիւն կատարուած ներգաղթները. (այս տողերը ընթերցողին՝ չեմ ուզեր pro-հրէական տպաւորութիւններ ձգել, այլ պարզապէս ընկերային–պատմական իրողութիւններու վերլուծում մըն է տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած)։ Ի՞նչ պարագաներով և ի՞նչպէս ձախողեցաւ, սփիւռքեան եօթանասուն տարիներու երազած անկախութենէ մը ետք՝ մեր ներգաղթելու տրամադրութիւնը։ Պատասխանները շատ են…։ Նոյնիսկ այսօր եթէ արեւմտեան աշխարհի գաղթականական օրէնքները թոյլատրէին սուրիահայերու արտագաղթը, արդեօ՞ք ուր պիտի ըլլար իրենց ընտրանքը…։
Կարծեմ ՀՀՇական օրերու ձախորդութիւնները և 1994ի Հ.Յ.Դ.ի վրայ պարտադրուած աքսորը (որ Հայոց Պատմութեան ամենատխուր էջերէն մէկն է նկատի առած Հ.Յ.Դ.ի աւանդը) կապել այսօրուայ հայրենիքի հայաթափումին հետ՝ այլեւս յոգնած–մաշած նիւթ մըն է…։ Նշած էք նաև հայ գործատէրերու Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու պարագաներուն մասին. գործատէրը՝ գործատէր է ամէն բանէ առաջ և գործատէրի մը համար «հայրենիք», «հայրենասիրութիւն» են և պիտի ըլլան երկրորդական մակարդակի վրայ. կը ճանչնամ, ինչպէս նաև դուք կը ճանչնաք, գործատէր մեծահարուստ հայեր, որոնց Հայաստանի մէջ կատարած ներդրումները իրենց արտատահմանեան գործերու միմիայն «մնացորդացն» է։ Կը շեշտեմ միմիայն «մնացորդացն» է, ներդրում մը՝ որ կ’ուզեն Հայաստան կատարել գործի և տուրքերու այլ և այլ պատճառներով…։ Մանրամասնութիւններու չերթանք։ Իսկ գալով երկքաղաքացիութեան, այդ ալ ուրիշ անհասկնալի հանելուկ մը։ Անձամբ կը քաջալերեմ և պիտի շարունակեմ կատարել երկքաղաքացիութեան գաղափարը, սակայն մինչեւ այսօր անհասկնալի է ինչպէս անձեր որոնք ո’չ մէկ կապ ունին հայրենիքի հետ, հայ մշակոյթի հետ և նաև ծաղրանքի կ’առնեն «Հայաստանցիութիւնը» առժանի պիտի դառնան Հայաստանի Հանրապետութեան հպատակութեան առանց օր մը նոյնիսկ Հայաստանի մէջ փափաքիլ ապրելու…։
Չեմ ուզեր երկարել և կը յուսամ մեզ բոլորս մտահոգող գաղափարները միասին զրուցելու առիթ կ’ունենանք մեզի բոլորիս սիրելի «Ասպարէզի» commentներու բաժիններուն միջոցով, սակայն կ’ուզեմ փակել դարձեալ հարց տալով, արդեօ՞ք մենք իբրեւ պետութիւն ԶՈՀը եղանք խորհրդային կարգերու ստեղծած մշակոյթին։ Արդեօ՞ք այսօրուայ Հայաստանի հայաթափումը հայ մշակոյթի և հայ կեանքի ապրած ներքին բախումներու պոռթկումի մէկ արգասիքն է։ Արդեօ՞ք իբրեւ պետութիւն և իբրեւ ժողովուրդ մենք ալ ԶՈՀն ենք համաշխարհային այս «նոյնացումին» և «դէպի արեւմուտք սեւերումի» մշակոյթին…։
Շարունակելի……
Ռ.