ԱԹԷՆՔ.- Ամառնային աւանդութեան վերածուած է Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան «Նայիրի» պարախումբի ելոյթը Կորընթոսի մէջ՝ ամէն ամառ կազմակերպուող «Միջազգային պարերու փառատօն»ին:
«Արդէն 15 տարուան վրայ կ՛երկարի այս աւանդութիւնը, որ ամէն ամառ Զեւղոլաթիօ կը բերէ Համազգայինի պարախումբի տղաքն ու աղջիկները: Այլ երկիրներու շարքին, կը ներկայացուին հայկական աւանդական պարն ու երաժշտութիւնը, հազարաւոր քաղաքացիներ եւ օտար զբօսաշրջիկներ համախմբող այս փառատօնին: Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի անդամները, հայկական պարերը ներկայացնելու իրենց պարտականութեան կողքին, ազատ ժամանակ ունեցան պտըտելու եւ վայելելու շրջակայ քաղաքի տեսարժան վայրերը եւ գեղեցիկ ծովափը», կը նկարագրէ մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր» օրաթերթը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.