Պոլսահայ յայտնի ռոք երգիչ Հայկօ Ճեփքին դատարան հակընդդէմ հայց ներկայացուցած է զայն մարդ ծեծելու մէջ մեղադրողներուն դէմ:
Հայկոյի դէմ գործ յարուցուած էր այս տարուան Փետրուար ամսուն տեղի ունեցած միջադէպի մը համար:
Հայցուորը, պահանջելով 3 տարուան ազատազրկում, կը պնդէ, թէ Հայկօն զայն ծեծի ենթարկած է:
Ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին՝ Ճեփքին, հերքելով իր մեղքը, հանդէս եկած է հակկընդէմ հայցով եւ անհիմն պնդումներով շահ հետապնդելու եւ իրեն անձնական վիրաւորանք հասցնելու համար պահանջած իր դէմ աւելի շուտ հայ ներկայացուցած կողմին դատապարտել 5 տարի ազատազրկման:
Հայկոյի փաստաբանները նախապէս տարածած էին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Փետրուար 17ին Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող զուարճանքի վայրերէն մէկէն դուրս գալու ընթացքին 2 անձեր մօտեցած են Հայկօ Ճեփքինին եւ փափաքած են բարեւել անոր, սակայն այդ պահուն այս անձերուն ընկերուհիներէն մէկը, որ գտնուած է ալքոլի ազդեցութեան տակ, մօտենալով Հայկոյին ըսած է. «Դուն ո՛վ ես որ», ապա դիմելով ընկերներուն, հայհոյանքներ հնչեցուցած Հայկոյի հասցէին.
«Ան …ի տղայ է, իսկ դուք հայ վիժուածքի ձե՞ռքը կր սեղմէք»:
Այնուհետեւ յարձակած է Հայկոյի վրայ: Հայկոյին մօտ գտնուող ընկերները զայն հեռացուցած են: Այս քաշքշուքի ընթացքին հարբած աղջիկը ինկած է գետին:
Միջադէպի ընթացքին Հայկօ Ճեփքինի կողմէ վերոնշեալ անձի նկատմամբ ուժ չէ գործադրուած եւ ոչ ալ վիրաւորական խօսք արտասանուած է:
Փետրուար 18ին վերոնշեալ անկարգապահ աղջկան փաստաբանը հեռաձայնած է Հայկոյին եւ պահանջած 50,000 լիրա, այլապէս իրենք բողոք պիտի ներկայացնեն ոստիկանութեան: Սակայն չկարենալով այդ գումարը շորթել Հայկօ Ճեփքինէն, անոնք բողոքը ներկայացուցած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.