ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Շաբաթ, Յուլիս 20ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռին մէջ կատարեց Թարգմանչաց վարդապետաց նուիրուած սրբանկարի մը օծումը։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6ին։ Առաջնորդ սրբազան հօր սպասարկեցին Քրեսենթա հովիտի հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Խաչիկ սրկ. Շաննագեան։
Սրբանկարը նուիրուած է հանգուցեալ Յակոբ Օհանեանի յիշատակին, որուն ընտանիքը Ազգ. առաջնորդարանի բարերարներէն է։ Արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալի այրին՝ Արաքսի Օհանեանը, զաւակները՝ տէր եւ տիկին Թոնի եւ Արուս Հաննա, Վիգէն Օհանեան եւ Թինա Գալայճեան, իրենց ընտանիքներուն հետ միասին։
Առաջնորդ սրբազանը աղօթքներով ու սրբալոյս միւռոնով օծեց սրբապատկերը, որ մատրան պատին զետեղուած է, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Տրդատ թագաւորի սրբապատկերին կողքին, վերջինը՝ իբրեւ խորհրդանիշ եւ յուշարար Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան՝ իբրեւ պետական կրօնքի հռչակման եւ առաջին քրիստոնեայ արքայական ընտանիքին։
Արարողութեան աւարտին խօսք առնելով՝ սրբազանը օրհնեց յիշատակը հանգուցեալ Յակոբ Օհանեանին, ինչպէս նաեւ վեր առաւ Օհանեան եւ Հաննա ընտանիքներուն նուիրումը եւ զօրակցութիւնը Ազգ. առաջնորդարանին ու անոր առաքելութեան։
Սրբապատկերի օրհնութեան եւ օծման արարողութենէն ետք, առաջնորդը բարերար ընտանիքի անդամներուն հետ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ բոլորեց մտերմիկ պահ մը. ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.