ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Թերթ».– Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց կը շարունակուի քանի մը օր առաջ սկսած նստացոյցը, որուն մասնակիցները կը պահանջեն Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ շարք մը պաշտօնեաներու հրաժարականը:
Քաղաքապետարանի շէնքը կը հսկեն ոստիկանները, իսկ գործիչները շէնքին առջեւէն հեռացնելու համար քաղաքապետարանը կը շարունակէ մայթը թրջել մնայուն կերպով՝ գործիչները զրկելով շէնքին առջեւ գտնուող կանաչ գօտիին վրայ իրենց բողոքը յայտնելու կարելիութենէն:
Գործիչները դիմած են Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանին՝ նշելով, որ եթէ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը չդադարի քաղաքապետարանի դիմացի մայթը ջուրով ողողելէ, եւ եթէ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանը անյապաղ չապահովէ նստացոյցի մասնակիցներուն կանգելու համար անհրաժեշտ մայթ, ապա նստացոյցի մասնակիցները ստիպուած պիտի ըլլան կանգնիլ քաղաքապետարանի դիմացի փողոցին մէջ՝ այդպիսով խոչընդոտելով երթեւեկութիւնը: «Նման քայլի ամբողջ պատասխանատուութիւնն ընկնելու է այս երկու պաշտօնեաների վրայ», յայտնած են անոնք:
Միւս կողմէ, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 29 Յուլիսին յանձնարարած է յստակ եւ վճռական քայլերու ձեռնարկել՝ փոխադրութեան սակի հարցի քննարկման նպատակով ձեւաւորուող յանձնաժողովին մէջ բոլոր կողմերը ներգրաւելու համար. այս մասին «Թերթ»ին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արթուր Գէորգեանը:
«Ընդ որում աւելի մասնագիտացուած կողմերին, որովհետեւ հարցը ենթադրում է մասնագիտացուած քննարկում. կը լինեն հասարակական կազմակերպութիւններ, բուհերից՝ ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներ, հանրային խորհրդից, այսինքն՝ բազմակողմ քննարկում», յայտնած է ան, աւելցնելով, որ յառաջիկային անպայման այս մասին յայտարարութիւն պիտի հրապարակուի։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ կրնա՞յ ըլլալ, գործիչները եւս մաս կազմեն յանձնաժողովին՝ Արթուր Գէորգեան յայտնած է, որ եթէ փափաքին, կրնան: «Առաջարկը բոլորին է վերաբերուելու, եթէ իրենք ցանկութիւն ունեն մասնակցելու, եթէ՝ ոչ, ապա դա արդէն իրենց խնդիրն է: Մենք յայտարարել ենք բաց ենք բոլոր քննարկումների համար», նշած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.