ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Ստեփանակերտի ներքաղաքային փոխադրամիջոցներուն գինը պիտի բարձրանայ Յունուարէն սկսեալ. karabakh-open.info-ի համաձայն, այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը՝ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Յարութիւնեան նշած է, որ ներքաղաքային եւ ներհանրապետական փոխադրութիւն իրականացնող ընկերութիւնները վեց ամիս առաջ դիմում ներկայացուցած են սակերու բարձրացման վերաբերեալ, սակայն կառավարութիւնը յաջողած է յետաձգել հարցը՝ մինչեւ թոշակներու եւ աշխատավարձերու բարձրացում, որ կը նախատեսուի Յունուար 1ին:
Արա Յարութիւնեանի համաձայն, Ստեփանակերտի մէջ փոխադրութեան մարզին ծառայող ընկերութիւնները՝ անձնական եւ պետական, կ՛աշխատին վնասով: Պետական ընկերութեան վնասները փոխհատուցելու համար կառավարութիւնը լուրջ գումարներ կը յատկացնէ: «Տրանսպորտի թանկացումն անխուսափելի է, բայց մենք որոշել ենք դեռ մինչեւ Յունուարի 1ը նրանց վնասները փոխհատուցել», ըսած է ան։
«Ընկերութիւնները պահանջում են ներքաղաքային տրանսպորտի ուղեվարձը 70 դրամից դարձնել 100 դրամ, իսկ կառավարութեան հաշուարկներով այն պէտք է լինի 85-90 դրամ: Յամենայնդէպս 100 դրամից աւելի չպիտի լինի», նշած է կառավարութեան ղեկավարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.