ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տաւուշի մարզին մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար նախատեսուած է աւելցնել հիւրատուներուն քանակը: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանը: Անոր համաձայն, այսօր որոշ ծրագիրներ կ՛իրականացուին Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հետ: «Գերմանական Ռեգենի նահանգի հետ համագործակցութիւնը նոր է սկսուել: Այժմ ուսումնասիրութիւններ են կատարւում՝ պարզելու տուրիզմի որ ճիւղն առաւել արդիւնաւէտ կը լինի: Առաւել մեծ ուշադրութիւն է դարձւում փոքր հիւրատների ստեղծմանը, որին կից ֆերմերային տնտեսութիւնները բարձրորակ արտադրանք կը մատակարարեն զբօսաշրջիկներին: Այսպիսի գործելաոճը կը նպաստի ոչ միայն տուրիզմի, այլեւ ֆերմերային տնտեսութիւնների զարգացմանը», յայտնած է Ղուլարեանը: Անոր համաձայն, զբօսաշրջիկը, հիւրատան մէջ մնալով կրնայ նաեւ օգտուիլ բուսական եւ կենդանական որակաւոր արտադրութիւններէն:
Տաւուշի մարզին մէջ տարուէ տարի կ՛աւելնան զբօսաշրջային հոսքերը: Ղուլարեանի համաձայն, ներկայ դրութեամբ մարզին մէջ ազատ պանդոկներ եւ հիւրատուներ չկան: «Անցած տարի միայն Դիլիջանում ունեցել ենք մօտ 170 հազար զբօսաշրջիկ: Ներկայ տեմպերը խոստանում են, որ այդ թիւը կը գերազանցուի: Քանի որ Դիլիջանը որպէս տուրիստական կենտրոն արդէն յայտնի է զբօսաշրջիկներին, այժմ պէտք է քայլեր ձեռնարկել միւս քաղաքները եւս ճանաչելի դարձնելու ուղղութեամբ», դիտել տուած է Ղուլարեան:
Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութեան 2012 թուականի Մարտ 22ի որոշմամբ հաստատուած էր «Հայաստանի հանրապետութեան Տաւուշի մարզի 2012-2015 թուականների սոցիալ-տնտեսական զարգացման ծրագիր»ը: Անիկա կը ներառէ նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացումը որպէս գերակայ ճիւղ:
Տաւուշի մարզը հարուստ է պատմաճարտարապետական յուշարձաններով, բնութեան իւրայատուկ տեսարաններով եւ բուսականութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.