ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանը 31 Յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամմատ Ռէիսին: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ նախարար Կարապետեան շեշտը դրած է հայ-իրանական երկկողմանի կապերու ընդլայնման կարեւորութեան վրայ՝ ընդգծելով, որ բարեկամ ժողովուրդները գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ կրնան փոխշահաւէտ գործակցութեան աւելի սերտ կապեր հաստատել եւ ընդլայնել ապրանքաշրջանառութիւնը:
Դեսպանին՝ համաձայն գտնուելով փոխգործակցութեան շրջագիծը ընդլայնելու առաջարկին, նշած է, որ գործակցութեան ներուժը աւելին է եւ պէտք է երկուստեք ջանալ զայն առաւել ընդգրկուն դարձնել: Գիւղատնտեսութեան նախարարը դեսպանին յայտնած է, որ Իրան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ վաւերացուած փոխըմբռման յուշագիրը համագործակցութեան աւելի լայն ձեւաչափեր կ՛ենթադրէ: Դեսպանը իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստել երկկողմանի համագործակցութեան առաւել ամրապնդման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.