ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ 30 Յուլիսին հրազէնային մահացու վէրքէ մահացած 20ամեայ Արման Յովսէփի Մուրադեանը 3 ամիս ետք պէտք է տուն վերադառնար: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արագածոտնի մարզի Ցամաքասար գիւղի գիւղապետ Գոռ Գրիգորեանը:
Գիւղապետը պատմած է, որ տղային հայրը գիւղի իրենց տունն ու հողերը վաճառելէ ետք մեկնած էր Ռուսիա՝ արտագնայ աշխատանքի, իսկ մայրը մահացածին փոքր եղբօր հետ կ՛ապրի Էջմիածին՝ հարազատներու տան մէջ: Աւելին՝ ծնողներուն տակաւին չեն ըսած Արմանի մահուան մասին:
Ռուսիա գտնուող հօր ըսած են, որ ծառայութեան առնչուած խնդիրներ կան եւ շտապ կանչած են զայն, իսկ մայրը ընդհանրապէս չի գիտեր այդ մասին: «Ես եմ զանգել, ասել եմ՝ պէտք է գաս տեսնենք ինչ անենք: Մեր ընկերները ճանապարհ են դրել գալիս է: Միայն հօրեղբօր տղան դեռ գիտի, հիմա ասել ենք, որ տեսնեն ոնց են այդ լուրը յայտնելու», յայտնած է գիւղապետը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ ճանչնալով Արմանը ի՞նչ կը կարծէ, ան անձնասպանութիւն գործած կ՛ըլլա՞յ, գիւղապետը պատասխանած է. «Շատ խելօք ընտանիքի երեխայ էր: Ինքը շատ խեղճ ծառայող էր: Մեր աչքի դէմը մեծացած երեխայ էր, շատ խելօք, շնորհքով ընտանիք էր: Մի անգամ էլ դէպք եղաւ, երբ ծառայութիւնից փախաւ էլի հետ տարանք: Ծառայութեան հետ չէր յարմարւում: Սերժանտ էլ է եղել, թէ ինչի պէտք է այդպիսի քայլի գնար, չեմ հասկանում», պատմած է գիւղապետը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.