ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի տղոց հաւաքականի ախոյեան Լեւոն Արոնեանը կը շարունակէ մնալ աշխարհի երկրորդ լաւագոյն ճատրակ խաղացողը։
ՖԻՏԷն ներկայացուցած է նոր վարկանշային աղիւսակ, ուր Արոնեան կրկին երկրորդ դիրքի վրայ է: Ան ունի 2813 միաւոր:
Աղիւսակին առաջին դիրքը կը գրաւէ աշխարհի ախոյեանի յաւակնորդ, նորվեկիացի Մագնուս Քալսենը, որ ունի 2862 միաւոր: Իսկ լաւագոյն հնգեակին մաս կը կազմեն նաեւ Ֆապիանօ Քարուանան, Ալեքսանտր Քրիշչուկը, Վլատիմիր Քրամնիկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.