ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Յուլիս 30ին հանդիպում մը ունեցած է հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի հետ, որ Անգարա կը գտնուէր: Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու՝ Տաւութօղլու եւ Պարզանի քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրաքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, Սուրիոյ կացութիւնը, Քրտական ազգային խորհրդաժողովը եւ Եգիպտոսի վերջին զարգացումները:
Աղբիւրները նշեցին, թէ երկու կողմերը համաձայն գտնուած են, որ Թուրքիա եւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը հասարակաց կեցուածք ու մտահոգութիւններ ունին շրջանի վերջին զարգացումներուն նկատմամբ՝ աւելցնելով, որ կողմերը Սուրիոյ որեւէ մասնատում չեն ուզեր: Քննարկուած է նաեւ անցնող շաբաթավերջին Սուրիոյ քիւրտերու Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը: Պարզանիի այցելութենէն կարճ ժամանակ առաջ, Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած էր Քրտական ազգային խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած էին դրացի երկիրներէն, ներառեալ՝ Թուրքիայէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն շարք մը քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միւս կողմէ, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւը՝ «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր»ը, Գամիշլիի մէջ քիւրտ ղեկավարի մը սպանութենէն ետք, իսլամ ծայրայեղականներու դէմ կռուելու համար զօրակոչ յայտարարեց:
Յուլիս 30ին տեղի ունեցած քիւրտ ականաւոր քաղաքական գործիչ Իսա Հուսոյի ահաբեկումը սրած է սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդին եւ Սուրիական ազատ բանակին նկատմամբ քիւրտերուն դժգոհութիւնները:
Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան առնչակից Քրտական համայնքներու միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ «Ճապհաթ Նուսրա»ն, «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն»ն ու Սուրիական ազատ բանակը քիւրտ ժողովուրդին դէմ մէկ ճակատ կազմած են:
«Բոլոր քիւրտերը պէտք է օժանդակութիւն տրամադրեն, մինչեւ որ Ռոժովայի (Արեւմտեան Քիւրտիստան) յեղափոխութիւնը իր լրումին հասնի: Քիւրտերը պէտք է այս յեղափոխութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.