ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ճազիրա».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 1ին, սուրիական բանակի հակակշիռին տակ գտնուող Հոմս քաղաքի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով սպաննուած են առնուազն 40 քաղաքացիներ եւ զինուորներ: Վիրաւորուած են 160 ուրիշներ:
Միւս կողմէ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմատ Ասի Ժարպա, Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Թանի իշխանին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնած է, որ իշխանը վստահեցուցած է, թէ Քաթար կը շարունակէ «սուրիացի ժողովուրդին քաղաքական եւ զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել եւ թէ սուրիացի ժողովուրդին ու յեղափոխութեան կողքին պիտի ըլլայ, մինչեւ յաղթանակի կերտումը»:
Ժարպա յայտնեց, որ ինք «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցութեան գաղափարին կը զօրակցի, պայմանաւ որ վարչակարգին հետ բանակցութեանց աւարտի ժամկէտ մը ճշդուի: Ան նաեւ նշեց, որ ընդդիմութեան կողմէ ժամանակաւոր կառավարութեան կազմութիւնը պիտի յայտարարուի մօտիկ ապագային:
Իր կարգին, Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտնեց. «Սուրիա կը հաւատայ, որ քաղաքական լուծումը տագնապին վերջ տալու միակ միջոցն է»: Ան նշեց նաեւ, որ «կառավարութիւնը Հալէպը իր սիրտին ու միտքին մէջ դրած է եւ անոր ու բնակչութեան կացութեան ժամ առ ժամ կը հետեւի»՝ աւելցնելով, որ «Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները, նախագահ Հասան Ռուհանիի ղեկավարութեան տակ, աւելի սերտ ու համագործակցական բնոյթ պիտի ստանան»:
Միւս կողմէ, սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Իրան համաձայն գտնուած է Դամասկոսին 3.6 միլիառ տոլարի քարիւղ տրամադրելու՝ փոխարէնը ստանալով պատերազմէն աւերուած երկիրին մէջ ներդրումներ կատարելու իրաւունքը: Համաձայնագիրը ստորագրուած է Երեքշաբթի օր, Թեհրանի մէջ, երկու երկիրներու կեդրոնական դրամատուներու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.