ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 5 Օգոստոսի առաւօտէն Կոմիտաս փողոցի խումբ մը բնակիչներ փակած են Կոմիտասի 5 հասցէին վրայ գտնուող հրապարակին գլխաւոր մուտքը, որպէսզի այդտեղէն չանցնին շինարարական ինքնաշարժները։
Նարեկ Ալեքսանեան կը գրէ, որ «Կոմիտասի 5»ի յարակից շէնքի բնակիչները այդպիսով իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն շուրջ 4 տարի առաջ «Լիբեր» ընկերութեան կողմէ սկսած շինարարութեան դէմ:
Շինարարութեան առաջին օրէն մինչ այսօր ընկերութիւնը չի կրնար իր ձեռքին ունենալ շինարարութիւն կատարելու համար անհրաժեշտ բոլոր օրինական փաստաթուղթերը, եւ այդ պատճառով շինարարութիւնը արգելապարիսպներէն միւս կողմ այս տարիներուն ընթացքին չէ կատարուած։
Սակայն վերջերս աշխատանքները վերսկսած են. շինարարները սարքեր բերած են եւ սկսած են փորելու շէնքի հիմերը: Յարակից շէնքերու բնակիչներուն վրդովմունքին հիմնական պատճառը այժմ այն է, որ իրենց հետ չեն համաձայնած կառուցուելիք նորակառոյցին նախագիծին շուրջ:
Շինարարարական աշխատանքներու ղեկավարը ոստիկաններուն ընկերակցութեամբ եկած էր խօսելու բողոքող կոմիտասցիներուն հետ, եւ անոնց ներկայացուցած է շէնքի կառուցման նախագիծը, որ, սակայն, չէր գոհացուցած բնակիչները։
«Հետք»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կոմիտասցիները յայտնած են, որ իրենց բողոքի շարժումը անժամկէտ է, եւ թէ իրենք պիտի շարունակեն իրեն մարմինով փակ պահել շինարարութեան հրապարակի մուտքը, քանի որ այլընտրանք չունին, եւ այսուհետեւ այդ տարածքին մէջ նոյնիսկ ցած յարկանի շէնքի կառուցման դէմ պիտի ըլլան՝ պահանջելով փոխարէնը մանկական խաղահրապարակ կամ այգի կառուցել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.