ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անգարայի դատարան մը մերժեց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի փաստաբաններուն այն դիմումը, որով անոնք պահանջած էին Օճալանը վերստին դատել՝ միաժամանակ առկախելով անոր դէմ գործադրուող ցմահ բանտարկութեան պատիժը։ Դատարանը այս դիմումը անտեղի գտաւ։
Միւս կողմէ, Օճալանի կամ քիւրտ այլ ղեկավարներու հասցէին եղած սպառնալիքներուն շատ խիստ պատասխան մը տուաւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ, որ ռամիկ ոճով գոչեց. «Դուն ո՞վ ես «լան», դուն քեզ ի՞նչ կը կարծես»։ Վուրալ ըսաւ, որ քրտական տագնապին լուծման ի նպաստ քայլերը Թուրքիան կը տանին դէպի քայքայում։ «Պէտք է դէմ գանք բոլոր անոնց, որոնք այս երկիրը բաժան-բաժան ընել ու անոր մէկ մասը Քիւրտիստան կոչել կը ցանկան», ըսաւ Վուրալ՝ աւելցնելով, որ «շատ կը տառապի», երբ կը տեսնէ, թէ կառավարութիւնը կը մնայ քիւրտերու սպառնալիքներուն նշաւակ:
Իր կարգին, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ անդրադարձաւ Թուրքիայէն անմիջական քայլեր պահանջելու նպատակով քիւրտ ղեկավարներու կողմէ կատարուած սպառնալիքներուն եւ տրուած տարբեր ժամկէտներուն (Սեպտեմբեր 1 ու Հոկտեմբեր 15) ու ըսաւ, որ կառավարութիւնը կրնայ մինչեւ Սեպտեմբեր 1 նախապատրաստութիւն կատարել իր քայլերուն համար, որոնք կրնան գործադրուիլ մինչեւ Հոկտեմբեր 15, որպէսզի կարելի ըլլայ հաշտութեան գործընթացը շարունակել:
Վերջապէս, Երկուշաբթի օր մասնագէտ բժիշկներու խումբ մը Իմրալըի մէջ քննեց Օճալանի առողջական վիճակը։
Օճալան պահանջած էր, որ անկախ բժիշկներու խումբ մը քննէր զինք, որովհետեւ առողջական խնդիրներ ունէր։ Բժիշկները իրենց քննութենէն ետք յայտնեցին, թէ Օճալանի առողջութիւնը լաւ է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.