
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Օգոստոս 5ը անկասկած անջնջելի կերպով արձանագրուած պիտի մնայ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ։ Արդարեւ, «Էրկենեքոն»ի ամբաստանեալներուն մասին 6 տարի եւ 2 ամիս շարունակուող 321 նիստերէն ետք, դատարանը արձակեց իւրաքանչիւր ամբաստանեալին նկատմամբ իր վճիռը։ Այս դատավարութիւնը, որ սկսած էր ձեռնառումբերու մասին քննութեամբ մը, Երկուշաբթի օր պայթեցաւ իրական ռումբի մը նման, որովհետեւ շարք մը նշանաւոր անձնաւորութիւններ, հրամանատարներ, սպայակոյտի նախկին նախագահներ, քաղաքագէտներ եւ լրագրողներ ցկեանս բանտարկութեան կամ այլ ծանր պատիժներու ենթարկուեցան։
Դատական նիստի ընթացքին ցոյցեր կատարուեցան եւ լօզունգներ արձակուեցան։ «Մենք Աթաթիւրքի զինուորներն ենք» կամ «Ֆաշիզմին դէմ՝ ուս ուսի» պոռացողներ եղան, երբ ամբաստանեալները սկսան մուտք գործելու սրահէն ներս։ Յայտնի էր, որ դատակազմի անդամներն ալ իրենց կեանքին ամէնէն դժուար օրերէն մէկը կ՛ապրէին։ 18 ամբաստանեալներ դատապարտուեցան ցկեանս բանտարկութեան: Անոնց մէջ էին սպայակոյտի նախկին նախագահ զօր. Իլթեր Պաշպուղ, զօր. Վելի Քիւչիւք )որ գլխաւոր ամբաստանեալներէն մէկն է), լրագրող Թունճայ Էօզքան, ազգայնամոլ փաստաբան Քեմալ Քերինչսիզ, զօր. Հուրշիտ Թոլոն, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք, հրապարակագիր Եալչըն Քիւչիւք եւ ուրիշներ։ Ոմանք կը դատապարտուէին «Էրկենեքոն» կոչուած զինեալ կազմակերպութեան անդամակցելու յանցանքով, իսկ ոմանք՝ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած կառավարութիւնը անգործութեան մատնելու նպատակով՝ խափանարարութիւն կազմակերպելու եւ կառավարութիւնը տապալելու ծրագիրներ մշակելու յանցանքներով։ Դատարանը նաեւ որոշեց 21 հոգի անպարտ արձակել, իսկ յայտնի լրագրող Մուսթաֆա Պալպայ, որուն անունը միշտ օրակարգի կու գար դատավարութեան ընթացքին, դատապարտուեցաւ 34 տարուան բանտարկութեան։
Իշխանութիւնները բոլոր միջոցներուն դիմած էին, որպէսզի անախորժ դէպքեր չպատահին Երկուշաբթի օրուան նիստին ընթացքին։ Երբ վճիռները կը կարդացուէին՝ ընթերցում մը, որ երկու ժամէն աւելի երկար տեւեց, ամբաստանեալներէն ոմանք կը պոռային ու կը փորձէին սրահէն դուրս ելլել:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու անմիջապէս այն կարծիքը յայտնեց, թէ մասնաւոր նպատակներով հիմնուած յատուկ նման ատեաններու որոշումը ապօրինի է, իսկ կառավարութեան բանբեր Պիւլենտ Արընչ քննադատեց Քըլըճտարօղլուն ու ըսաւ, որ անոր նման քաղաքագէտի մը վայել չէ այսպէս խօսիլը։
Դատապարտեալները արդէն իսկ սկսած են բողոքելու դատարանի որոշումներուն դէմ՝ դիմելով վերին ատեաններու: