ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Օգոստոս 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Հայ իրաւաբանական միութիւնը խստօրէն դատապարտեց վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի քաղաքացի Հրաչեայ Յարութիւնեանի հալածանքը, որ հետեւանք էր մարդկային զոհեր խլած ինքնաշարժի արկածի մը:
Շեշտելով, թէ մօտէն կը հետեւի այս հարցին՝ Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը նշէ, թէ արկածը ցաւալի միջադէպ մըն էր, եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն՝ միաժամանակ արագ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: Սակայն, միութիւնը կը շեշտէ, թէ Յարութիւնեանի ձերբակալութենէն ետք տեղի ունեցած դէպքերը անարդարանալի են եւ ցոյց կու տան Ռուսիոյ քրէական օրէնքներու անբաւարարութիւնը:
Միութիւնը կը նշէ, թէ Յարութիւնեանի դատական առաջին նիստէն իսկ բացայայտ դարձած են ամբաստանեալին դէմ խտրականական ու նուաստացուցիչ քայլերը, որոնք չեն նպաստեր Ռուսիոյ օրինական համակարգի վարկին՝ միաժամանակ կ՛ոտնակոխեն ամբաստանեալին քաղաքացիական տարրական իրաւունքները:
Միութիւնը կոչ կ՛ընէ Ռուսիոյ յարգելու ամբաստանեալին իրաւունքները, ըստ միջազգային եւ նոյնինքն Ռուսիոյ օրէնքներուն՝ նշելով, թէ Յարութիւնեանի իրաւունքները պէտք չէ կախեալ ըլլան անոր յանցաւոր ըլլալու հանգամանքէն: Միաժամանակ, միութիւնը կը պահանջէ երաշխաւորել ամբաստանեալին ապահովութիւնը՝ շեշտելով, թէ ան ֆիզիքական ու հոգեկան անտեղի հալածանքի ու ճնշումներու պէտք չէ ենթարկուի:
Միութիւնը կը շեշտէ, թէ Ռուսիոյ քրէական օրէնսգիրքը բաւարար չափով կը պաշտպանէ ամբաստանեալներուն իրաւունքները, սակայն Յարութիւնեանի դիմագրաւած նուաստացումները ցոյց կու տան, թէ օրէնքները չեն գործադրուիր երկրի արդարադատութեան համակարգին կողմէ իսկ:
«Կ՛ակնկալենք Ռուսիոյ իշխանութիւններէն յարգել ամբաստանեալին քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքները: Այս ակնկալիքէն նուազ որեւէ քայլ անարգանք մը պիտի նկատուի Ռուսիոյ քաղաքացիներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը յուսան Ռուսիան տեսնել աշխարհի առաջնորդող ժողովրդավար պետութիւններէն մէկը», եզրակացուցած է Հայ իրաւաբանական միութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.