
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- ՀՕՄի Լաս Վեկասի «Շուշի» մասնաճիւղի եւ անոր Շաբաթօրեայի հիմնադրութեան քսանամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Տեզըրթ Ուիլօ» կոլֆի կեդրոնի սրահին մէջ (2020 West Horizon ridge Pkwy., Henderson, NV, 89012):
Ձեռնարկին ընթացքին, յետմահու պիտի մեծարուի «Շուշի» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայի հիմնադիր ՀՕՄուհին՝ Վերժին Քուճաքեանը: Նաեւ, ելոյթ պիտի ունենան Լոս Անճելըսէն երգիչ Ճոզէֆ Գրիգորեան, Սարօ Քուճաքեան եւ «Armenian Public Radio» խումբը:
Մասնակցութեան սակը 75 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (702) 566-1947, (702) 567-1984 կամ (818) 648-3041 թիւերուն: