ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել «մարդ» թշնամին: Հակառակորդ, վնասակար, վտանգաւոր, նախայարձակ, սպանիչ եւ դեռ շա՜տ ածականներ կարելի է շարել, մինչեւ որ լեցուին հոմանիշներու բառարանին տասնեակ էջերը, այս բառին դիմաց նոյնիմաստ բառեր դնելու համար:
Թշնամիներու ներկայութիւնը ոեւէ մարդու կեանքին մէջ ունի իր դրդպատճառները: Շատ քիչ պարագաներու անոնք ինքնակոչ կ՛ըլլան, այսինքն՝ կամաւորաբար իրենց անձը կը թշնամացնեն իրենց նախընտրած մէկ անձին, որ անտեղեակ կ՛ըլլայ իբրեւ թշնամի իր ընտրութենէն, ու աւելի ուշ իմանալով՝ նոյնիսկ կը զարմանայ: Որոշ պարագաներու, այդ կամաւորապէս թշնամացող անձին ուղղութիւն տուողներ կը գտնուին, որոնք օձին բերանը թոյն լեցնող քարբերու նման ընդյատակեայ գործունէութեամբ կը զինեն ուրիշները, ու իրենք ետ կը նահանջեն:
Այս կը պատահի անոնց պարագային, որոնք կա՛մ դեռ չափահասութեան տարիքի հասած չեն ըլլար, կա՛մ ուշ կը թեւակոխեն երիտասարդութեան տարիքը, եւ կամ՝ բնա՛ւ չեն աճիր խելքով, ինչքան ալ ուշիմ, զարգացած, հասուն ու այլ տիտղոսներով շրջագային մարդկային ընկերութեան հսկայ հրապարակներուն վրայ, կամ երթեւեկեն կեանքի պս-պղուն պողոտաներուն մէջ: Երբեմն անոնց տակ թաքնուած կ՛ըլլան իսկական թշնամիներ, որոնք սակայն ո՛չ կռուելու ուժ կ՛ունենան, ո՛չ ալ տրամադրութիւն, սակայն կը յաջողին գտնել վերոյիշեալ անձերուն նման տկարամիտներ ու մանկամիտներ եւ զանոնք կը գործուղեն թշնամութեան ասպարէզ:
Զարմանալի երեւոյթը այն է, որ այս անձերը միշտ «պապէն աւելի պապական» ըլլալու ամբողջական տրամադրուածութեա՛մբ կը լծուին իրենց գործին: Խղճալի այս մարդուկները չեն անդրադառնար, որ բնա՛ւ կարիք չունին ուրիշին համար կռուի դաշտ մտնելու, պայքարելու, վիրաւորուելու, նոյնիսկ՝ սպաննուելու: Երբեմն ասոնց այս «նուիրուածութիւն»ը եւ «հաւատարմութիւն»ը զիրենք գործուղողներուն, ունին իրենց պատճառները: Օրինակ, ազգականական կապ, ընտանեկան բարեկամութիւն, նիւթական հովանաւորութիւն ու այլ պատճառներ, որոնք կը ստիպեն ենթական, որ ծառայութիւն մատուցէ, առ ի պատասխան վերոնշեալներուն: Երբ վայելած է այդ ընտանիքին կամ անձին հովանաւորութիւնը նիւթապէս ու բարոյապէս, կամ ազգականական ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունի այդ կողմին հետ, բարոյական պարտաւորութիւնը կ՛ունենայ իր կողմէ «փոքրիկ» ծառայութիւն կատարելու, հոգ չէ՛ թէ ատիկա ըլլայ վատ ծառայութիւն, այսինքն՝ ուրիշին թշնամութիւն ցուցաբերելու ողբալի արարք…
Այլ տարբերակներ ալ ունի այս թատրոնը զոր անմիտներ կը խաղան, մեծ դեր ստանձնած ըլլալու սին խաբկանքով: Անոնք օրը օրին իրենց «յաջողութիւն»ներուն մասին տեղեակ կը պահեն զիրենք գործուղողները, միշտ գնահատուելով վերջիններէն, նման այն մանուկներուն, որոնք լաւ արտասանութեամբ բեմ բարձրանալէ ետք, քուլիսներու ետին զիրենք վարժեցնող ուսուցչուհիներուն կողմէ կը գնահատուին կամ ջերմ համբոյրներով եւ կամ՝ քաղցրեղէններով: Դեռ կրնանք ասոնք նմանցնել նաեւ կրկէսի մէջ իրենց ապշեցնող արարքները ի ցոյց հանդիսատեսներու կատարող գազաններուն, որոնք առ ի գնահատանք շուտով իրենց բերնին մէջ կ՛ունենան ամենասիրած ուտեստեղէնները: Անբան այդ կենդանիները մէկ բան գիտեն, թէ՝ իրենց կատարած այդ արարքներուն համար պիտի գնահատուին իրենց նախընտրած կերակրատեսակով: Սակայն վերոյիշեալ անխելք մարդիկ, իրենց պատուիրուած անձերը թշնամացնելէ որոշ ժամանակ ետք, չեն ալ զգար թէ վասն ինչի՛ կը պայքարին… Պարզապէս պայքարը կը դարձնեն իրենց նպատակը ու ոգի ի բռին կը նուիրուին այդ առաքելութեան: Անոնք անասունի չափ ալ խելք չունին՝ գէթ կերակուրի վարձատրութեան համար թշնամանալու ուրիշներու հետ…
Մարդկային ողբերգութեան այս հանդիսարանին մէջ, վերոյիշեալ անձինք չեն վարանիր բոլորին դիմաց բողոքելու, բամբասելու ու վատաբանելու իրենց «գտած» նոր թշնամիին մասին, որուն պատճառով նոր թշնամիներ ալ իրենք կը շահին… Որովհետեւ ամէն մարդ ինչպէս որ զինք ատող անձեր կ՛ունենայ, նոյնպէս ալ կ՛ունենայ զինք սիրողներ: Ուստի, տուեալ անձը, անգիտակցաբար, իրեն թշնամացուցած թշուառականին ինքնավստահ շարժումներուն դիմաց յանկարծ կրնայ գամուիլ, երբ իր դիմաց ելլէ մէկը, որ իր ընտրած թշնամիին հիացողներէն է… Անամօթը, սակայն, կը շարունակէ իր ցեխարձակումը, առանց անդրադառնալու որ իր ամէն մէկ խօսքին ու ջղագրգիռ շարժումին հետ, աւելի՛ կը մխրճուի կեղտի տիղմին մէջ, ու ի վերջոյ կը խեղդուի հոն, կուլ տալով կոյուղիներու ճահճացած պարունակութիւնը:
Վարագոյրներու ետին պահուըտած եւ տկարամիտներն ու մանկամիտները ասոր անոր թշնամացնող բախտախնդիրներու տուած ուղղութենէն բացի, մարդիկ ուրիշներուն հետ կը թշնամանան առհասարակ վախի հետեւանքով: Օրինակ, իր ունեցած կարողութիւններուն նկատմամբ անվստահ մարդը, շուտով թշնամիներ կը ճարէ, նոյն կալուածին մէջ աշխատող յաջողակ անձերու խմբակէն: Նկարչութիւն ուսանած մարդը, դաշնամուր նուագողներու խումբէն թշնամի չի՛ փնտռեր, այլ՝ կ՛ընտրէ իր շրջապատին մէջ ապրող ամէնէն լաւ նկարիչը, ու անկէ սորվելու փոխարէն, թշնամիի համազգեստը կը հագցնէ անոր, ու առիթ չի՛ փախցներ թերագնահատելու վերջնոյս կարողութիւնները:
Այս տեսակ անձերու ցուցաբերած թշնամութիւնը նաեւ «ինքնախոստովանութիւն» պէտք է բնորոշել: Որովհետեւ ամբողջանուէր հոգիով իրենց առաքելութեան լծուած այս խղճալի մարդիկը, նուիրեալ աշխատանքի ընթացքին, յաճախ չեն անդրադառնար, որ իրենց անհատականութեան մասին համապարփակ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն շրջապատին, ձրիօրէն բոլորին ծանօթացնելով իրենց հոգեկան խաւարը:
Վերջապէս, նման թշնամիները իրենց իսկութեան մէջ ճանչնալէ ետք, մարդուն դիմաց կը բացուի փորձութեան անդիմադրելի պահը՝ հակադարձելու այն թշնամանքին, որ անարդարօրէն կը կիրարկուի: Ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել այս վատ յատկութիւնը մարդուն մէջ.
_ Թշնամին ընդօրինակելու ունակութիւն:
Սա մեծ փորձութիւն է անիրաւ ու պատահական թշնամիներ ունեցող մարդուն դիմաց, որ կրնայ յանկարծ իր լաւ ու բարի անհատականութիւնը փոխել եւ որդեգրել իր թշնամիին բնաւորութիւնը: Յանկարծ ան կրնայ ունենալ թշնամիին նման բամբասող լեզու, ուրիշներուն վնասելու յատկութիւններ, ու մանաւանդ քարէ սիրտ…
Այս վատ ունակութիւնը կրնայ մինչեւ իսկ սուրբը անսրբացնել ու բարեհամբաւ մարդուն տալ վատահամբաւ անուն: Ուստի, կարելի եղած չափով պէտք է հեռու մնալ թշնամին ընդօրինակելու ունակութենէն: Չարը բարիով պարտութեան մատնելու պատուէրը ամբողջութեամբ քրիստոնէական է (Հմմտ Հռ 12.21), ու շատերու կողմէ ներողամտութեան հետեւանքով զգացուող պարտութենէն շատ աւելի բարձր յաղթանակ, զոր պէտք է հպարտութեամբ բարձրաձայնել ամենուրեք ու տօնել…
Բարիով պայքարելու արարքիդ մէջ առանձին չե՛ս դուն, այլ ունիս վստահելի ու անկեղծ հարազատ մը՝ խիղճդ, որ երբ հանգիստ է ու խաղաղ, բնա՛ւ չի թողուր որ մտածես թշնամիներուդ մասին, նոյնիսկ երբ անոնք բացայայտօրէն կը յայտարարեն իրենց թշնամանքը անձիդ դէմ: