ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Վրեմիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները որոշած են չեղեալ համարել Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ բոլոր այն համաձայնագիրները, որոնք այդ երկիրներուն գաղտնի սպասարկութեանց կարելիութիւն կու տան Գերմանիոյ տարածքին լրտեսութիւն կատարելու:
«Համաձայնագիրները չեղեալ համարելը կապուած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցած գայթակղալից բացայայտումներուն», ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ:
Նշեալ երկիրներուն միջեւ յիշեալ համաձայնագիրները կնքուած էին 60ական թուականներուն:
Յունիսի վերջաւորութեան, գերմանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, թէ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները ամսական մօտաւորապէս 500 միլիոն հեռաձայնային ու համացանցային հաղորդակցութեանց կը հետեւին:
Վարչապետ Անկելա Մերքել նախապէս ըսած էր, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց հսկումը, որոշ պարագաներու, կը նպաստէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին՝ անուղղակիօրէն արդարացնելով ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց լրտեսութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.