Հայաստանն ու հայերը Իսրայէլի հետ կապեր ունեցած են հին ժամանակներէն, յատկապէս՝ Մեծ Տիգրանի օրերէն: Սակայն հայերու զանգուածային հոսքը դէպի Պաղեստին սկսած է քրիստոնէութեան տարածման առաջին դարերէն, իսկ 4րդ դարուն արդէն հայերը Երուսաղէմի մէջ հիմնած եւ կառուցած են եկեղեցիներ ու վանքեր:
Շատ արագ, Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ գոյացած է նաեւ առեւտրականներէ եւ արհեստաւորներէ բաղկացած հայ աշխարհիկ համայնք:
9րդ դարուն Երուսաղէմի հայկական թաղամասը, որ հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկն է, արդէն իսկ կը գրաւէ իր ներկայի՝ շուրջ 150 հազար քառակուսի մեթր տարածքը:
Երուսաղէմի մէջ հայերուն թիւը աւելացած է 1894-1896 թուականներու համիտեան ջարդերուն, ապա Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով, երբ բռնութիւններէն մազապուրծ եղած հազարաւոր հայեր հանգրուանած են Երուսաղէմ: Անոնցմէ մէկ մասին արտօնութիւն տրուած է մշտական բնակութիւն հաստատել հայկական միաբանութեան կեդրոն՝ Ս. Յակոբեանց վանքի պարիսպներէն ներս՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան հովանին ներքոյ:
Ներկայիս Իսրայէլի մէջ կը բնակի շուրջ 13 հազար հայ, որուն շուրջ 2-3 հազարը այնտեղ հաստատուած է հին ժամանակներէն՝ 4րդ դարէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ 19րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20րդ դարու 20ական թուականները:
Իսրայէլ հաստատուած հայերու միւս խումբը հրէական արմատներ կամ հրեաներու հետ ամուսնական կապեր ունեցող հայերն են, որոնք ներգաղթած են 1990ականներէն ետք: Անոնց թիւը կը հասնի 10 հազարի:
Զգալի թիւ կը կազմեն արհեստաւորները, լուսանկարիչները, հախճապակեգործները, մտաւորականները, բժիշկները, իրաւաբանները, առեւտրականները եւ գործարարները:
Երուսաղէմի մէջ կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մէկը՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը (հիմնադրուած Է. դարուն, աթոռ՝ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանք):
Այնտեղ կը գործեն Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց հայկական վարժարանները, Ս. Յակոբեանց վանքի «Եդուարդ եւ Հելէն Մարտիկեան» թանգարանը:
Սրբոց Յակոբեանց վանքի ձեռագրատան մէջ կը պահուին հայերէն ձեռագրերի՝ իր մեծութեամբ աշխարհի երկրորդ տեղը զբաղեղցնող հաւաքածոն (Երեւանի Մատենադարանէն ետք):
Իսրայէլի մէջ կը գործեն ՀՅԴի եւ ՌԱԿի տեղական մարմինները, հայկական դպրոցներ, ՀՄԸՄի, ՀԵՄի, ՀՕՄի մասնաճիւղերը, հասարակական, մշակութային, երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններ, լոյս կը տեսնեն «Սիոն» եւ «ՀԵՄ» եռամսեայ պարբերաթերթերը:
1969էն Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի ասիական եւ ափրիկեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին մէջ կը գործէ հայագիտական ծրագիրը, որ սերտ կապեր կը պահպանէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայագիտական զանազան կեդրոններու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Երբուընէ՞ ի վեր Երուսաղէմը (ըստ անստորագիր յօդուածին՝ ներառեալ հայկական թաղամասը, ուր կը գտնուին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանն ու վերը յիշուած հայկական կազմակերպութիւններու գրասենեակ-կեդրոնները) կը համարենք Իսրայէլի մաս։