
Կիրակի, Օգոստոս 11ին, Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի մէջ 78 տարեկան հասակին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանցուն կնքեց պուլկարահայոց թեմին քանի մը տասնեակ տարիներ իր հոգեւոր ծառայութիւնը կատարած Գրիգոր քհնյ. Եզեկիէլեան: Այս մասին տեղեկացուց «Կանթեղ» պարբերաթերթը:
Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ին Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ տէր հօր վերջին օծումն ու թաղման կարգը:
Քարոզի ընթացքին Տաթեւ եպս. Յակոբեան ներկայացուց հանգուցեալի կենսագրութիւնը եւ իրենց անձնական ծանօթութեան պատմութիւնը:
Իր խօսքի մէջ ան երէցկնոջ եւ տէր հօր դստեր, ինչպէս նաեւ բոլոր սգացեալ հայորդիներուն փոխանցեց Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ցաւակցութիւններն ու մխիթարութեան խօսքը: Սրբազանը մասնաւորապէս նշեց. «Հանգուցեալ տէր հայրը իր հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին, եղաւ հաւատարիմ, պարտաճանաչ եւ ժրաջան այն անձը, որ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ իր ազգին եւ ժողովուրդին՝ հասնելով անոնց հոգեւոր կարիքներուն: Ան իր կենսուրախութեամբ եւ առոյգ բնաւորութեամբ՝ բարի ու տրամադրութիւն ստեղծող ազդեցութիւն կը սփռէր իր շուրջ եւ մինչեւ իր կեանքի աւարտը պատասխանատու կեցուածքով՝ մաքուր պահեց հոգեւորականի իր կոչումը»:
Այնուհետեւ հոգեւոր դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը իրենց վերջին հրաժեշտն ու ողջոյնի համբոյրը փոխանցեցին հանգուցեալ տէր հօր:
Տէր հօր աճիւնը ամփոփուեցաւ Վառնայի Կեդրոնական գերեզմանատան հայկական հատուածի հոգեւորականաց բաժինին մէջ: