ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, Օգոստոս 11ին, Ֆրեզնոյի հայ գաղութը ապրեցաւ պատմական օր մը, եպիսկոպոսական Ս. պատարագով եւ խաղողօրհնէքի արարողութեամբ, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսի 100ամեակին առիթով։
Հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցեց, քարոզեց եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Քալիֆորնիոյ Հայ Տան շրջափակէն ներս։
Իր քարոզին մէջ, առաջնորդը յիշեց աւանդոյթներու կարեւորութիւնը մեր հոգեւոր կեանքէն ներս՝ ըսելով. «Խաղողօրհնէքի այս աւանդութիւնը, մեր մայրենի լեզուն եւ դարաւոր աւանդութիւնները բնորոշած են հայերս ուրիշ ժողովուրդներէ՝ կապելով մեր ժողովուրդը իր դարաւոր եւ հարուստ պատմութեան։ Անցնող 100 տարիներուն ընթացքին, այս գաղութին մէջ յատուկ ճիգով կարելի եղած է շարունակել այս բոլորը, բայց այսօրուան արարողութիւնը ապացոյց մըն է գաղութին ունեցած սիրոյն ու յարգանքի արտայայտութեան՝ մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններուն ու պատմութեան հանդէպ»։
Սրբազանը շեշտեց. «Մենք այսօր հոս ենք ու կը տօնենք 100ամեակը, որովհետեւ առաջին գաղթականները, ճանչնալով մեր աւանդութիւններու կարեւորութիւնը՝ ժառանգ ձգեցին այդ բոլորը իրենց զաւակներուն եւ ապա անոնք՝ իրենց զաւակներուն»։ Առաջնորդը այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն հանդէպ անոր ցուցաբերած հիւրընկալութեան համար, եւ Աստուծմէ խնդրեց, որ օրհնէ Միացեալ Նահանգներն ու անոր ժողովուրդը։
Արարողութենէն ետք, օրուան դաշտահանդէսը աւելի ճոխացաւ ընտանեկան մտերմիկ եւ ուրախ մթնոլորտով, Ռիչըրտ Յակոբեանի եւ իր նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Տարեկան այս գեղեցիկ աւանդութիւնը առիթ է, որ ընտանեկան անդամներ, բարեկամներ եւ ազգականներ միասնաբար ուրախ եւ ճոխ ժամանակ անցընեն։
Ճաշի սպասարկութիւնը ստանձնած էր եկեղեցւոյ Տղամարդկանց ընկերակցութիւնը՝ գործակցութեամբ Տիկնանց յանձնախումբին եւ խումբ մը հաւատացեալներու։ Տղամարդկանց ընկերակցութեան ատենապետ Ռիչըրտ Պետոյեանը նշեց. «Մեր նպատակը Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութիւնները միշտ կենդանի պահելն է», ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրեալներուն։
Հայկական իրականութեան մէջ խաղողը նկատուած է որպէս «պտուղներու թագուհի»։ Հին Հայաստանի մէջ, Օգոստոս ամսուան կէսը կը նկատուէր հունձքի եւ վերածնունդի ժամանակաշրջան, ուր պատշաճ արարողութիւն կը կատարուէր այգիներուն մէջ։ Հոն, քահանան կը խնդրէր Աստուծմէ, որ օրհնէ ամբողջ այգին եւ խաղողները բոլոր տեսակի բնական աղէտներէ։ Իսկ հիմա, խաղողօրհնէքի արարողութեամբ ամբողջ Սան Ուաքին հովիտի դաշտերն ու այգիները կ՛օրհնուին։
Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան գոհունակութիւն յայտնեց՝ ըսելով. «Ուրախ ենք, որ մեր հաւատքն ու մշակոյթը կը միացնեն մեզ բոլորս եւ մանաւանդ՝ 4րդ եւ 5րդ սերունդի հայորդիները: Ֆրեզնոյի մէջ գործող բոլոր հողագործները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, որ այս աւանդութիւնը միշտ ճոխ եւ կենդանի մնայ»։
Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ եւ Տղամարդկանց ընկերակցութեան գանձապահ Լեւոն Պալաճեան ըսաւ. «Դարձեալ Ֆրեզնոյի բնակիչները իրենց մասնակցութիւնը բերին աւանդական տարեկան խաղողօրհնէքի դաշտահանդէսին, որ առիթ մըն է Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման նպաստելու»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.