
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Լա Քրեսենթայի մէջ գործող տնային մանկապարտէզ մը՝ «Bina՛s Family Child Care»ը, փակուած է Հինգշաբթի, Օգոստոս 15ին, իսկ անոր վարիչը ձերբակալուած է, երբ երկու տարեկան աղջնակ մը անհանգստանալով տարուած է հիւանդանոց, ուր անոր մօտ բացայայտուած են «մարիուանա»յի թունաւորման ախտանշաններ:
«Glendale News-Press»ի համաձայն՝ 50ամեայ Ռուբինա Յարութիւնեանը կալանաւորուած է անփութութեան եւ իր տնային մանկապարտէզին մէջ ապահովութեան սպառնալիք ստեղծելու յանցանքներով:
Երեխային ծնողները կը կարծեն, թէ իրենց աղջիկը «մարիուանա»յով թունաւորուած է մանկապարտէզին մէջ: Ուրբաթ օր հաղորդուած է, թէ երեխային վիճակը կը բարելաւուի:
Ոստիկանները թմրանիւթեր յայտնաբերած են մանկապարտէզին մէջ ու նկատած են, թէ մանկապարտէզը ելեկտրական հոսանք չունի, իսկ արտաքնոցները փճացած են: Անոնք նաեւ մուկերու կղկղանք նկատած են: