
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Աւելի քան 150 հիւրեր՝ ներառեալ Թեմական խորհուրդի անդամներ, հոգեւորականներ, պատգամաւորներ, պետական պաշտօնեաներ, ՀԲԸՄ ներկայացուցիչներ, «Ուուտպըրի» համալսարանի Խնամակալ մարմինի անդամներ եւ այլ հիւրեր, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով ներկայ գտնուեցան Օգոստոս 6ի երեկոյեան առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ողջերթի հիւրասիրութեան՝ ի պատիւ Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի:
Հիւրասիրութիւնը կը հովանաւորէին առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի գլխաւոր բարերարներ տոքթ. եւ տիկին Արամայիս Պարոնեանները, իսկ հանդիսավարն էր համայնքի հանրածանօթ ղեկավարներէն Մարիա Մեհրանեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յովհաննիսեանի յանձնառու ոգիին եւ թանկագին ծառայութեան՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման ի խնդիր: Ան նշեց նաեւ Յովհաննիսեանի բերած գործօն բաժինը մարդասիրական զանազան առաքելութեանց եւ ծրագիրներու յաջողութեան մէջ:
Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն՝ նախագահը Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գ. Յովհաննիսեանին՝ անոր ցուցաբերած աջակցութեան եւ տարիներու ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկներու անոր մասնակցութեան համար: Ապա յանձնախումբին անունով յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց իրեն:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած գնահատագիր-բանաձեւը Յովհաննիսեանին յանձնեց Մերի Մուրատեանը:
Առաջնորդը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Կը գնահատենք ձեր ղեկավարութիւնն ու համեստ ոգին: Անցնող տարիներուն ընթացքին բացառիկ կերպով ցուցաբերեցիք ձեր դիւանագիտական փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական ձեր հաւատքը, որ խորապէս արմատացած է ձեր եւ ձեր ընտանիքին մէջ: Թեմիս ձեռնարկներուն ազնուաբար ձեր մասնակցութեամբ, դուք նուիրեալ անդամը հանդիսացաք առաջնորդարանի ընտանիքին: Թող բարին Աստուած առատապէս օրհնէ ձեզ եւ ձեր ընտանիքը եւ առաջնորդէ ձեզ ձեր ապագայ առաքելութեան մէջ»: