
ԹԱՈՒԶԸՆՏ ՕՔՍ.- Վենթուրայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան վեցերորդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսն ու լուռ աճուրդը տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28ին, Ուեսթլէյք Վիլեճի North Ranch Country Club-ին մէջ:
Հռչակաւոր «Raffi and the Reflections» նուագախումբը պիտի խանդավառէ ներկաները՝ ներկայացնելով հայկական ու եւրոպական երգեր ու երաժշտութիւն:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (805) 551-0268 կամ (818) 497-1558 թիւերուն: