ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն», «Ազատութիւն».– «Գաբալայում տեղի ունեցած Թուրքալեզու պետութիւնների համագործակցութեան խորհրդի վերջին գագաթաժողովը տարբերուեց նախորդներից», նշած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան: «ՓանԱրմինիըն»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի յայտարարութեան այն բաժինին, որուն համաձայն, ան կը փափաքի, որ յաջորդ գերաստիճանը տեղի ունենայ Արցախի մէջ, նաեւ միացեալ հռչակագիրին, որուն մէջ ընդգծուած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն խաղաղ ճամբով:
Ան դիտել տուած է, որ յայտարարութեան առաջին մասը կարելի է երկու ձեւով ընկալել: Առաջին տարբերակը այն է, որ եթէ Կիւլ իսկապէս կը փափաքի նման ժողով կատարել Ղարաբաղի մէջ, իրենք պատրաստ են քննարկելու այդ հարցը՝ եւ աւելցուցած է ըսելով «Եթէ պաշտօնական Անկարան, պաշտօնական Բաքուն, մնացած թրքալեզու պետութիւնները պաշտօնապէս ճանաչում են Արցախի Հանրապետութիւնը որպէս անկախ, ինքնիշխան պետութիւն, եւ համապատասխան դիմում են պաշտօնական Ստեփանակերտին՝ աջակ-ցելու մեր քաղաքներից մէկում նման միջոցառում անցկացնելու, ինչպէս, օրինակ, տեղի է ունենում Շուեյցարական Դաւոսում, մենք կարող ենք քննարկել այդ հարցը եւ աջակցել այդ պետութիւններին»:
Երկրորդ տարբերակը, ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի խօսնակին՝ կարելի է հասկնալ այնպէս, որ Կիւլ նման յայտարարութեամբ կը փորձէ անկայունութիւն հրահրել տարածաշրջանին մէջ, ինչ որ շատ վտանգաւոր է։ «Նման յայտարարութիւնները արդէն լուրջ մտածելու տեղիք են տալիս եւ ոչ միայն հայկական պետութիւնների, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան համար։ Քանի որ Թուրքիան հանդիսանում է մի շարք կազմակերպութիւնների անդամ, ասենք՝ ՆԱԹՕի, նրա նախագահի նման յայտարարութիւնը, որը փաստօրէն հրահրում է Ադրբեջանին, կամ ինչոր ձեւով նաեւ քողարկում է նրա ագրեսիան, սատարում է նման ագրեսիւ պահուածքին, ապա իրօք անհրաժեշտ է, որ այդ կազմակերպութիւնները եւ միջազգային հանրութիւնը ընդհանրապէս արձագանգի այսպիսի յայտարարութիւններին», յայտնած է ան:
Իսկ միացեալ հռչակագիրը, անոր համաձայն, զսպող քայլ էր՝ միաժամանակ ուղղուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի: «Սա նշանակում է, որ թուրքալեզու պետութիւններն անհանգստացած են եւ չեն ուզում մասնակցել այդ արկածախնդրութեանը: Իսկ սա իր հերթին նշանակում է, որ չկայ համաթուրքական խնդիր, ինչպիսին Ադրբեջանը փորձում է ներկայացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը», եզրակա-ցուցած է Բաբայեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.