ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 Օգոստոսին այցելած է մայրաքաղաքին մէջ կառուցուող հանրապետական հիւանդանոցի նոր մասնաշէնք, ուր ծանօթացած է կատարուող աշխատանքներուն ընթացքին: Այս մասին հաղորդած է Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարը նշած է, որ կենսական նշանակութիւն ունեցող առողջապահական այս կառոյցի շինարարութիւնը արդէն իսկ կը գտնուի եզրափակիչ հանգրուանին մէջ՝ աւելցնելով, որ անիկա շուտով իր աւարտին պիտի հասնի պահպանելով ճշդուած ժամկէտներն ու աշխատանքներու բարձր որակը:
Այցելութեան ընթացքին նախագահին կ՛ընկերակցէին Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը, առողջապահութեան նախարար Զոյա Լազարեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.